Նիւ Եորքի նորընտիր քաղաքապետը՝ Մամտանի յայտարարած է, թէ պիտի ձերբակալէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն, եթէ ան այցելէ իր ղեկավարած քաղաքը։
Այս յայտարարութիւնը կը նշանակէ, թէ Պենիամին Նեթանիահու այլեւս չի կրնար այցելել Նիւ Եորք, ուր կը գտնուի նաեւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կեդրոնատեղին։
Մամտանի, որ ծանօթ ընկերվարական գործիչ մըն է, Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 4-ին ընտրուեցաւ Նիւ Եորքի քաղաքապետ։ Ծնած է Նիւ Եորք, սակայն ծագումով հնդիկ—փաքիստանցի է. իր ընտանիքը գաղթած է Ուկանտայէն Ամերիկա։ Մամտանի յայտնի է Պաղեստինի իր եռանդուն ջատագովութեամբ։
Քաղաքական շահերու լաբիւրինթոսը
Երկրագունտին վրայ, թերեւս, միշտ ալ այսպէս եղած է, բայց այսօրուան հաղորդակցութեան միջոցները անկասկած ա՛լ աւելի ակնբախ կը դարձնեն իրարու հակասող, զիրար խաչաձեւող՝ գլխապտոյտ պատճառող քաղաքական շահերը, որոնքերբեմնափիբերանկըթողունսովորականմահկանացուներս։
Այսպէս, մինչ Իսրայէլի մէջ Նեթանիահուի վարած անթոյլատրելի քաղաքականութեան թեւ ու թիկունք կանգնողները ծայրայեղ կրօնամոլ, ուղղափառ հրեաներն են, այդ նոյն շրջանակէն հրեաներ Նիւ Եորքի մէջ յայտարարած են, թէ կը զօրակցին Մամտանիին։
Արդարեւ, վերոնշեալ ընտրութիւններէն քանի մը օր առաջ՝ Հոկտեմբեր 31-ին, Նիւ Եորքի քաղաքապետարանին դիմաց հաւաքուած հրեայ համայնքի անդամներ (բոլորն ալ գոնէ արտաքնապէս ուղղափառ հրեայի տեսքով) իրենց անսակարկ զօրակցութիւնը յայտնած են Զոհրան Մամտանիին՝ դատապարտելով անոր դէմ ուղղուած քարոզարշաւը։

Անոնց բանբերը՝ ռաբունի Տեյվիտ Ֆելտման հեռատեսիլի թղթակիցի մը հարցումներուն պատասխանելով՝ կ՚ըսէ. “Մենք հոս ենք Նիւ Եորքի քաղաքապետարանին աստիճաններուն վրայ եւ ականատես կ՚ըլլանք թեկնածու Մամտանիի դէմ սոսկալի սպառնական քայլերու (…)”։ Ան նաեւ կը շեշտէ. “Իսրայէլի պետութիւնը եւ անոր գործողութիւնները բնա՛ւ չեն ներկայացներ իսկական հրէականութիւնը եւ անշուշտ չեն ներկայացներ հրէական կրօնքը”։
Հիմա, ընտրուելէն ետք՝ Նեհանիահուի ձերբակալման մասին Մամտանիի յայտարարութիւնը յուսախա՞բ ըրած է հրեայ այդ զանգուածը, թէ՞ այս ամբողջը արդէն նախատեսուած էր «հաշիւներ»-ուն մէջ (երկու կողմերուն, կամ կարկինը աւելի լայն բանալով՝ բոլո՛ր կողմերուն հաշիւներուն), այդ եւս մեր՝ սովորական մահկանցուներուս իմացութենէն վեր է…։