«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթի Ապրիլ 25-ի թիւի էջ 5-ին վրայ լոյս տեսած է իւրայատուկ ծանուցում մը: Հոն կոչ կ՚ուղղուի Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճանսընին՝ արդարութիւն ցուցաբերելու Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ (այլ խօսքով՝ զայն ճանչնալու), շեշտելով որ՝ 1915-1923 թուականներուն ցեղասպանութեան ենթարկուած է 1,5 միլիոն Հայ: Ծանուցումին մէջ տեղ գտած են երկու նկարներ, վերը՝ օսմանեան Թուրքիոյ վերջին շրջանին Կրթութեան ու ներքին գործոց նախարարի պաշտօնը վարած Ալի Քեմալինը,– որ Ճանսընի հօր մեծհայրն է,– եւ տակն ալ Պորիս Ճանսընինը, որ վեր կը նայի անոր։ Երկու նկարներու միջեւ զետեղուած են հետեւեալ տողերը.-
«Այս մեծ մարդը քու մեծ մեծհայրն է։ Ան թուրք լրագրող ու քաղաքական գործիչ էր։ Զայն դաւաճան հռչակեցին, որովհետեւ կ՚ուզէր պատժել Հայոց ցեղասպանութեան պատասխանատուները։ Ի վերջոյ զինքը սպանեցին փողոցի մը մէջ»։
Վարի աջ անկիւնին ալ զետեղուած է Ճանսընին ուղղուած հետեւեալ կոչը. «Արդարութի՛ւն բեր Հայոց ցեղասպանութեան հարցին»։
Երեւոյթին անդրադարձող տեղական թերթերուն համաձայն՝ ծանուցումին պատուիրատուն է հայ գործարար Րաֆֆի Մանուկեանը: ■