Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը (ՄԻԵԱ) հրապարակած է Մարտ 1-ի զոհերուն առնչուող՝ «Ֆարմանեանն ու միւսները ընդդէմ Հայաստանի» գործին վճիռը։
Ատեանի գնահատականը, ըստ Սեպտեմբեր 18-ին հրապարակած վճիռին՝ այն է, որ 2008 Մարտ 1-ի իրադարձութիւններուն՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը խախտած է զոհերու կեանքի իրաւունքը։
ՄԻԵԱ—ի վճռին մէջ արձանագրուած է, որ բացի Սամուէլ Յարութիւնեանէն եւ Զաքար Յովհաննիսեանէն, միւս զոհերու պարագային եւս պետութիւնը խախտած է Մարդկային իրաւանց եւրոպական համաձայնագրի 2-րդ յօդուածը՝ կեանքի իրաւունքը։
Ատեանը կը նշէ նաեւ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները չեն ապահոված ամբողջական քննութիւն զոհերու մահուան հանգամանքները ճշդելու համար, ինչ որ խախտում է վերոնշեալ Համաձայնագրի 38-րդ յօդուածին։
ՄԻԵԱ—ն Հայաստանի կառավարութիւնը կը ստիպէ զոհերու հարազատներուն վճարել 30 հազարական եւրօ՝ որպէս ոչ—նիւթական վնասի հատուցում, առաւել՝ 35 հազար եւրօ եւս՝ դատական ծախսերուն եւ այլ վճարումներու համար։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։