ՄԻԵԱ-ն Ազերպայճանին պարտադրած է զեկոյց ներկայացնել Պաքուի մէջ պահուող հայ պատանդներու բանտարկութեան պայմաններուն մասին

Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանի (ՄԻԵԱ) Ազերպայճանին պարտադրած է մինչեւ Նոյեմբեր 4 զեկոյց մը ներկայացնել Պաքուի մէջ պահուող 23 հայ պատանդներու բանտարկութեան պայմաններուն եւ առողջական վիճակին մասին։

ՄԻԵԱի մէջ հայ բանտարկեալներու իրաւական ներկայացուցիչ Սիրանուշ Սահակեան «Ազատութիւն»-ին յայտնած է, որ հայ պատանդները գրեթէ երեք ամիսէ ի վեր լիակատար մեկուսացման մէջ կը պահուին։

Ո՛չ մէկ անկախ միջազգային կազմակերպութեան այցելելու արտօնութիւն տրուած է։ Ներկայիս, որեւէ տեղեկութիւն չկայ իրենց բանտարկութեան պայմաններուն, առողջական վիճակին կամ հոգեկան կացութեան մասին”,ըսած է Սահակեան։