Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Միրզոյեան. «Գերիներու վերադարձին շուրջ Պաքուի հետ կարելի չըլլար ձեռք չգել շինիչ խօսակցութիւն»

 

Յուլիս 5-ին, խորհրդարանի մէջ լրագրողներու հետ ասուլիսին, Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան անդրադառնալով Ազերպայճանի մէջ ապօրինի բանտարկուած Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ազատ արձակման հարցին ըսած է հետեւեալը.

«Այդ հարցը Ազերպայճանի հետ բանակցութիւններու ցաւոտ մասն է, եզակի հարցերէն մէկը, որու շուրջ շինիչ խօսակցութիւն կարելի չըլլար ձեռք ձգել։ Այս փուլին ուրախ լուրեր չունիք հաղորդելու։ Եթէ յաջողինք ձեռք ձգել իրական եւ վերջնական խաղաղութեան պայմանագիր, սահմաններու զատման հոլովոյթին մէջ յառաջդիմութիւն արձանագրել եւ հասնիլ իրական լուծման, ապա ստեղծուած բարենպաստ միջավայրին մէջ կարելի պիտի ըլլայ լուծումներ գտնել նաեւ գերիներու վերադարձին համար»։