Ապրիլ 11-ին, ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունած է Մինսքի խումբի ֆրանսացի համանախագահ Պրիս Ռոքֆէօյը: Լուրը հաղորդած են Արտաքին գործոց նախարարութենէն։
Կողմերը ընդգծած են Մինսքի խումբի համանախագահութեան դերը՝ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ։
Հանդիպումին քննարկուած է Արցախի մէջ՝ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատւութեան գօտիէն ներս՝ Փառուխ եւ շրջակայ հատուածներուն մէջ, ազէրպայճանական զինեալ ուժերու ներխուժման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը։ ՀՀ ԱԳ նախարարը ներկայացուցած է Ազէրպայճանի կողմէ Արցախի Հայութեան համար դիտաւորեալ ստեղծուած մարդասիրական խնդիրները, եւ Արցախի մէջ ցեղային զտման ուղղուած գործողութիւնները։ Շեշտուած է ազէրպայճանական զինեալներուն՝ Մարտ 23-էն առաջուան իրենց դիրքերը վերադառնալու անհրաժեշտութիւնը։
Արարատ Միրզոյեան ներկայացուցած է նաեւ Հայաստանի դիրքորոշումը՝ խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ Ազէրպայճանի հետ բանակցութիւններ սկսելու վերաբերեալ՝ այդ համածիրին մէջ ընդգծելով Մինսքի խումբի համանախագահութեան եւ համանախագահ երկիրներու դերակատարութիւնը: