Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Միքայէլ սրբազան ներկայացած է Քննաչական կոմիտէ

Միքայէլ արք. Աջապահեան, ընկերակցութեամբ իր փաստաբանին, Յունիս 27-ի յետմիջօրէին ներկայացած է Քննչական կոմիտէ (ՔԿ)։ Մեկնելէն առաջ ան լրագրողներուն յայտնած է, թէ թոյլ պիտի չտայ որ երկրորդ անգամ յարձակին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վրայ եւ պղծեն Մայր Աթոռի հոգեպարար մթնոլորտը։ “Ես որեւէ բանից չեմ վախենում: Այս մեղադրանքը բացարձակ շինծու, ապօրինի մեղադրանք է: Ես երբեք չեմ թաքնուել, իմ ասածներից էլ չեմ խուսափում, ասել եմ, լաւ եմ արել: Հիմա խնդրում եմ թողնէք՝ նստեմ մեքենայ, փաստաբանիս հետ գնամ Քննչական կոմիտէ”,– յայտնած է Միքայէլ արք. Աջապահեան։

Տէր Յովհաննէս. «Ինչո՞ւ չեն ձերբակալեր զանոնք, որոնք 100-է աւելի եկեղեցի ու վանք նուիրեցին կամ ծախեցին թշնամիին»

Դադիվանքի հոգեւոր հովիւ, ներկայիս Եռաբլուրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Յովհաննէս անդրադառնալով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին ԱԱԾ-ի ներխուժման, լրագրողներուն հարցում ուղղած է.

«Ո՞ւր է մեր ժողովուրդը, ո՞ւր է քրիստոնեայ ժողովուրդը: Ինչո՞ւ չեն ձերբակալեր զանոնք, որոնք 100-է աւելի եկեղեցի ու վանք նուիրեցին կամ ծախեցին թշնամիին»:

***

ՔԿ-ի շէնքին մօտ խումբ մը անձեր քրէական հետապնդման շրջանակին մէջ ձերբակալուած եւ տեղափոխուած են Համայնքային ոստիկանութեան տարածքային ստորաբաժանումներ։ 

Էդմոն Մարուքեան կը թելադրէ Աջապահեանը առաջադրել վարչապետի թեկնածու

Օրուան մէջ, այս դէպքերու զարգացման ընթացքին՝ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան հիմնադիր-նախագահ Էդմոն Մարուքեան,– որ երկար ժամանակ մաս կազմած է Փաշինեանի վարչակազմին,–  առաջարկած է, որ Միքայէլ արք. առաջադրուի վարչապետի թեկնածու։

Անոր այս առաջարկին ընդառաջելով՝ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութիւնը յայտնած է, որ խմբակցութիւնը իր 28 երեսփոխաններու ստորագրութիւններով կը միանայ Միքայէլ Սրբազանի թեկնածութեամբ՝ կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու նախաձեռնութեան։

Ի դէպ, Միքայէլ արք. այս նախաձեռնութեան կապակցութեամբ յայտարարած է. “Ես  լիովին բաւարարուած եմ իմ ծառայութիւնից իբրեւ հոգեւորական, ուստի խնդրում եմ իմ անունը չշահարկել վարչապետի թեկնածուների շարքում”:

Հակառակ Աջապահեան արք.ի վերոնշեալ յայտարարութիւններուն՝ Ազգային ժողովի «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնն ալ միացած է զայն վարչապետ առաջադրելով՝ կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու նախաձեռնութեան։

Միքայէլ Աջապահեանի նկատմամբ՝ քրէական հետապնդում

Աւելի ուշ, Քննչական կոմիտէն Միքայէլ արք. Աջապահեանի նկատմամբ՝ քրէական հետապնդում յարուցած է։

Ան կտրականապէս կը մերժէ մեղադրանքները:

Քննիչը դիմած է դատարան, Միքայէլ սրբազանը բանտարկելու պահանջով:

Ձերբակալման պահէն սկսեալ 24 ժամուան ընթացքին դատարանը պէտք է կայացնէ իր որոշումը:

Մոսկուա ուշադիր կը հետեւի

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ ուշադիր կը հետեւի Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն։ 

«Մենք սովորութիւն չունինք միջամտելու այլ պետութիւններու ներքին գործերուն։ Անկեղծօրէն հետաքրքրուած ենք բարեկամական եւ եղբայրական Հայաստանի մէջ կայունութեան, օրինականութեան ապահովմամբ եւ կայուն զարգացմամբ»,– յայտարարած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։