Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Մոնթըրոյի քաղաքապետ Ճեյմս Շերոնի հաճոյութիւնը հանդէպ Ազերպայճանի

CCAF խստօրէն կը դատապարտէ Մոնթըրօ-Ֆօ-Իոնի քաղաքապետ Ճեյմս Շերոնի հաճոյութիւնը հանդէպ Ազերպայճանի։ Անոր հանդիպումը Լեյլա Ապտուլաեւայի հետ Մայիս 12-ին եւ այդ տեսակցութեան ընթացքին քննարկուած համագործակցութեան ծրագերը ա՛լ աւելի անթոյլատրելի են, քանի որ պարոն Շերոն Իլ-տը-Ֆրանս շրջանի փոխնախագահն է: Արդեօք պէ՞տք է յիշեցնել իրեն, որ Իլհամ Ալիեւ 2021 Դեկտեմբերին սպառնացեր էր Վալերի Փեքրէսին՝ Լեռնային Ղարաբաղ անոր կատարած այցէն յետոյ։ Ինչպէս մեզի կը յիշեցնէ նոյն Շրջանի մէկ այլ փոխնախագահ՝ Փաթրիք Քարամ, «Ազերպայճան ոչ միայն բռնապետութիւն է, այլեւ վարչակարգ մը, որ Լեռնային Ղարաբաղի 120 հազար Հայեր կը պահէ անմարդկային շրջափակման մէջ եւ կը սպառնայ  Հայաստանի գոյատեւման»։ Նոյնիսկ գրեթէ այն պահերուն, երբ պարոն Շերոն կը թօթուէր Ազերպայճանի դեսպանին ձեռքը, վերջինիս երկրի բանակը հրադադարը անգամ մը եւս կը խախտէր, որու հետեւանքով հայ զինուոր մը զոհուած է եւ չորս ուրիշներ ալ վիրաւորուած են: Մինչ ֆրանսական ու եւրոպական բոլոր ժողովրդավարական ուժերը ճնշում կը գործադրեն Ազերպայճանի վրայ՝ ձեռք ձգելու համար պատերազմական արարք հանդիսացող շրջափակման վերացումը, պարոն Շերոն մեղաւոր համակրանք կը ցուցաբերէ այդ պետութեան յանցագործ վարչակարգին նկատմամբ, որ կը գտնուի մարդկային իրաւանց պաշտպան հասարակական բոլոր կազմակերպութիւններու վարկանիշներու վերջին աստիճաններուն։ CCAF կը բողոքէ այս տեսակի հաճոյութիւններու  դէմ, որոնք կը խրախուսեն այս բռնապետութիւնը, կ՚անարգեն Մոնթըրօ քաղաքը եւ վնաս կը հասցնեն Իլ-տը-Ֆրանս շրջանի անարատ պատկերին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի նկատմամբ անոր ցուցաբերած զօրակցութեան, զորս ան դրսեւորեց, ի շարս այլ քայլերու՝ 2022 Դեկտեմբեր 5-ին ընդունելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահը եւ 2022 Նոյեմբերին միաձայնութեամբ դատապարտելով Ազերպայճանի ռազմական յարձակումը, վերահաստատելով՝ «հակամարտութեան խաղաղ եւ վերջնական կարգաւորման հասնելու հրատապ անհրաժեշտութիւնը երաշխաւորելու համար  կայուն անվտանգութիւնը հայ ժողովուրդին եւ տարածաշրջանի միւս ժողովուրդներուն, Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղ գործընթացի իրականացումը եւ հայկական քաղաքակրթութեան օրրան հանդիսացող Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչումը»։

CCAF-ի ազգային գրասենեակ