Միջազգային զարգացումներու մէջ ուշագրաւ էր Սուրիոյ նոր նախագահ Ահմէտ ալ—Շարաայի այցը Մոսկուա եւ իր հանդիպումը նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
Ռուսաստանի նախագահին հետ տեսակցութեան՝ Ալ—Շարաա շեշտած է, որ նոր Սուրիան պիտի վերականգնէ իր յարաբերութիւնները բոլոր երկիրներուն հետ, մինչ Փութին ընդգծած է երկու երկիրներու միջեւ 80-ամեայ բարեկամական կապերը։
Այս այցին ստուերին մէջ, սակայն, կային երկու կարեւոր հարցեր։ Ըստ Reuters-ի՝ ալ—Շարաա պիտի խնդրէր Փութինէն Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշար ալ—Ասատի յանձնումը, որպէսզի զինք դատեն։ Ասատ 2024-ի իշխանափոխութենէն ի վեր ապաստան գտած է Ռուսաստանի մէջ։
Ասոր զուգահեռ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնած է, որ Մոսկուա եւ Դամասկոս «փակ դռներու ետին» կը քննարկեն Սուրիոյ մէջ ռուսական ռազմական ներկայութեան ապագան եւ ձեւաչափի կարելի փոփոխութիւնը։