Մոսկուա «Թրամփի ուղի» ծրագրով պիտի աջակցի Հայաստանի, եթէ Երեւան զայն նպաստաւոր նկատէ

Ռուսաստանի փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք յայտարարած է, որ իր երկիրը պիտի աջակցի Հայաստանին` «Թրամփի ուղի» ծրագրի իրագործման մէջ, եթէ Երեւան զայն նպաստաւոր նկատէ։ Ան աւելցուցած է, որ Հայաստան Ռուսաստանի ռազմավարական դաշնակիցն է, եւ «եթէ անոնք (Հայերը — Խմբ) կը կարծեն, թէ ստորագրուած հռչակագիրը աւելի մեծ ապահովական երաշխիքներ պիտի ընձեռէ, այդ լաւ բան է, որովհետեւ մենք նոյնպէս պիտի աջակցինք Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան գործընթացներուն: Սա կը բխի բոլորովին մեր շահերէն»:

Օվերչուք աւելցուցած է, որ կան որոշ հարցեր, զորս Մոսկուա պէտք է ճշդէ կողմերուն հետ՝ Հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսաստանի շահերուն վերաբերող, նախ` երկաթուղիներու հաղորդակցութեան զարգացման տեսանկիւնէն։ “Եթէ գտնուած են այդ հարցերու լուծումները, պէտք է մենք զանոնք տեղափոխենք թեքնիք-տնտեսական հիմնաւորումներու, հաշուարկներու հարթութիւն, նկատի ունենանք այդ նախագծերու տնտեսական բաղադրիչը եւ զբաղինք ապաշրջափակումով: Բայց ատոր համար պէտք են եռակողմ ջանքեր այն գործակցութեան ծիրին մէջ, որ մենք ունէինք եւ ունինք Հայաստանի ու Ազերպայճանի հետ”,– շարունակած է Ռուսաստանի փոխվարչապետը:

Օվերչուք միաժամանակ զգուշացուցած է, որ «տարածաշրջանէն դուրս որեւէ դերակատարի մասնակցութիւն պիտի խախտէ աշխարհաքաղաքական հաւասարակշռութիւնը, ինչ որ ժխտական հետեւանքներ պիտի ունենայ»:

«Արդեօք այս հարցը քննարկուա՞ծ է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ» հարցումին՝ Օվերչուք պատասխանած է. “Մենք այդ մասին խօսած ենք բոլորին հետ, նաեւ՝ Իրանի”։

Տեղեկացնելով, որ գալ շաբաթ այս հարցերը պիտի քննարկէ Հայաստանի մէջ՝ Օվերչուք ըսած է, որ այդ այցելութիւնը նախապէս ծրագրուած էր, իսկ յաջորդ շաբաթ կը նախատեսուի ազերպայճանական կողմին այցելութիւնը Մոսկուա. “Եթէ մենք կը խօսինք երկաթուղիներու վերականգնման ու երթեւեկի կապերու բարելաւման մասին, աւելի լաւ է` զրոյցը վարել երեքով”,– շեշտած է ան։