Ապրիլ 8-ին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, թէ Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը կ՚ուսումնասիրէ Մարտ 24-ին (Փառուխի մէջ – «ՆՅ») տեղի ունեցած միջադէպը, եւ ռուս զինուորականները աշխատանքներ կը տանին այդ կապակցութեամբ՝ բոլոր հանգամանքները պարզելու համար։
“Մենք ատոր մասին խօսեցանք (Արարատ Միրզոյեանի հետ – «ՆՅ»): Մեզի համար բոլոր հանգամանքները պարզ չեն, ես պիտի չուզէի աճապարելով վերջնական դատողութիւն ընել։ Մենք համոզուած ենք, որ մեր հայ պաշտօնակիցները ամբողջութեամբ կը վստահին ռուսական խաղաղապահ զօրախումբին և երբեմն հնչող կոչերը,– զօրախումբը պատասխանատւութեան ենթարկելու, ծառայողական քննութիւն կատարելու,– չեն ցոլացներ հայ ժողովուրդի, Հայաստանի իշխանութիւններու իրական վերաբերումը”,– ընդգծած է ռուս դիւանագէտը։
Ռուս նախարարը դիտել տուած է, թէ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը հսկայական դեր ունի տարածաշրջանի կայունութեան պահպանման մէջ, բայց «ոչ-լուրջ միջադէպեր երբեմն կը պատահին»։