Ապրիլ 24-ին, Մոսկուայի հայ համայնքի ներկայացուցիչները, մայրաքաղաքի Հայ առաքելական եկեղեցական համալիրի տարածքին գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին ծաղկեպսակներ զետեղած են: Լուրը հաղորդած է Ռուսաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը։
Նոյն օրը առաւօտեան Մոսկուայի «Սուրբ Պայծառակերպութիւն» տաճարին մէջ պատարագ մատուցուած է. աւարտին ալ բարեխօսութեան կարգ՝ նուիրուած սրբադասուած նահատակներուն։
Արարողութեան մասնակցած են Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդ Եզրաս արք. Ներսիսեան, ՀՀ դեսպանորդ Արսէն Առաքելեան, դեսպանութեան կից ռազմական կցորդ, զօրավար Արմէն Լալայեան, դեսպանութեան դիւանագէտներն ու աշխատակիցները, Ռուսաստանի մէջ ՀՀ տարբեր գերատեսչութիւններու եւ հայ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Մոսկուա բնակող բազմաթիւ Հայեր։