Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Յունաստանի մէջ ձերբակալած են Սեւան Նշանեանը

Ան կրնայ արտաքսուիլ Թուրքիա

Պոլսահայ մտաւորական Սևան Նշանեանի կինը՝ Իրա Ցուրու, ահազանգած է, թէ Յունաստան կը պատրաստուի Հայաստանի քաղաքացի Նշանեանը Թուրքիա արտաքսելու որոշում կայացնելու։

Նշանեան թրքական բանտէն փախուստի դիմած էր 2017 Յուլիս 14-ին եւ ապաստանած՝ Յունաստան, ուր 2019 Մայիսին ան Հայաստանի անձնագիր ստացած էր Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատունէն։

Ցուրու գրած է, թէ 2021 Դեկտեմբեր 29-ին Յունաստանի կառավարութիւնը, չվերականգնելով Սևան Նշանեանի՝ Յունաստանի քաղաքացիի հետ ամուսնացած ըլլալու ուժով ձեռք բերուած կեցութեան իրաւունքը, Դեկտեմբեր 30-ին «քաղաքավարի» խարդախութեամբ զինք ոստիկանական բաժանմունք հրաւիրած և մէկ ժամ սպասցնելէ ետք, կեցութեան կարգավիճակի պայմանաժամուն օր մը առաջ լրացած ըլլալուն պատրուակով՝ ձերբակալած է իր ամուսինը։

«2022 Յունուար 3-ին Սամոսի դատարանը զայն երկրէն արտաքսելու որոշում պիտի կայացնէ։ Դատարանի որոշումով պիտի պարզուի, թէ դէպի ո՞ր երկիրը պիտի արտաքսուի Նշանեան»,–տեղեկացուցած է Իրա Ցուրու։ Ան աւելցուցած է, թէ բանտի պայմանները շատ գէշ են, իսկ իր ամուսինը ունի առողջական խնդիրներ։ Ցուրուի համաձայն՝ եթէ հայկական կողմը չմիջամտէ, Նշանեանը կրնան արտաքսել Թուրքիա։

Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպանատան ներկայացուցիչը այցելած է Սեւան Նշանեանին

Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան ներկայացուցիչը Յունուար 3-ին այցելած է Սամոս կղզիի ոստիկանական այն բաժանմունքը, ուր կը գտնուի պոլսահայ մտաւորական Սևան Նշանեան։ Լուրը հաղորդած է դեսպանատունը, Դիմագիրքի իր էջով։

Գրառման մէջ նշուած է, թէ դեսպանութեան ներկայացուցիչը ծանօթացած է բաժանմունքի պայմաններուն: