Նախագահ Թրամփ. «Պատմական օր՝ Հայաստանի, Ազերպայճանի, ԱՄՆ-ու եւ աշխարհի համար»

Օգոստոս 8-ի առաւօտեան, ԱՄՆ-ու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ընկերային ցանցի իր հաշիւին գրառումով հաղորդած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ նոյն օրուան հանդիպումին մասին՝ նշելով, թէ անոնք կը միանան իրեն Սպիտակ տան մէջ՝ խաղաղութեան ստորագրութեան պաշտօնական արարողութեան համար։

«ԱՄՆ նաեւ երկկողմ համաձայնագրեր կը ստորագրէ երկու երկիրներու հետ՝ տնտեսական կարելիութիւնները միատեղ օգտագործելու համար, որպէսզի մենք կարողանանք բացայայտել Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի ամբողջ ներուժը:

Ես շատ հպարտ եմ այս քաջ առաջնորդներով, որոնք ճիշդ որոշում կայացուցած են Հայաստանի եւ Ազերպայճանի հիանալի ժողովուրդներուն համար։ Սա պիտի ըլլայ պատմական օր Հայաստանի, Ազերպայճանի, Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի համար»,– ընդգծած է ան։