Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Նախագահ Մաքրոն տեսաժողով ունեցած է Հայաստանի, Ազէրպայճանի և Եւրոպական խորհուրդի ղեկավարներուն հետ

Նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն, Փետրուար 4-ին տեսաժողովի ձևաչափով հանդիպում ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ազէրպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիևի և Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի հետ: Լուրը հաղորդած է Ֆրանսփրէս գործակալութիւնը, տեսանիւթ հրապարակելով նախագահի ելոյթէն։

Կողմերը յատկապէս անդրադարձած են առկայ մարդասիրական խնդիրներու լուծման, երկու երկիրներու ինքնիշխանութեան և իրաւազօրութեան ներքոյ տարածաշրջանային ենթակառոյցներու ապաշրջափակման, Հայաստանի ու Արցախի սահամանագօտիի լարումին նուազեցման և սահմանազատման, միջազգային կազմակերպութիւններու Լեռնային Ղարաբաղ ելումուտին առնչուող բազմազան հարցեր։

Վարչապետ Փաշինեան ընդգծած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի համանախագահութեան հովանաւորութեամբ Արցախի հակամարտութեան մնայուն կարգաւորման և խաղաղութեան համաձայնագրի կնքման անհրաժեշտութիւնը։

Մաքրոնի եւ Միշէլի միացեալ յայտարարութիւնը

Այս տեսաժողովէն ետք, Էմանիւէլ Մաքրոն եւ Շառլ Միշէլ ըրած են հետեւեալ միացեալ յայտարարութիւնը.-

«Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլ, Ազէրպայճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Փետրուար 4-ին տեսաժողովի ձեւաչափով հանդիպում ունեցան։

Նախագահ Մաքրոն եւ նախագահ Միշէլ վերահաստատեցին իրենց լիակատար յանձնառութիւնը՝ աջակցելու լարումի մեղմացման եւ տարածաշրջանին մէջ վստահութեան ամրապնդման ուղղուած ջանքերուն։

Անոնք ամփոփեցին Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովի շրջանակին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներէն յետոյ ձեռք բերուած առաջընթացը, ներառեալ՝ ձերբակալուածներու վերջին ազատ արձակումները, անհետացածներու որոնման շարունակական միացեալ ջանքերը, ինչպէս նաեւ երկաթուղիներու վերականգնման յառաջիկայ աշխատանքները:

Պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարները համակարծիք գտնուեցան, որ այս հանդիպումը թանկագին կարելիութիւն ընձեռեց քննարկելու հարցերու լայն շրջանակ։

Եւրոպական Միութիւնը եւ Ֆրանսան կը շարունակեն վճռականօրէն աշխատիլ միւս գործընկերներու, ներառեալ՝ ԵԱՀԿ-ի հետ, կայուն, անվտանգ եւ բարգաւաճ Հարաւային Կովկաս կառուցելու համար»։