Ահաւասիկ աղմկայարոյց յայտարարութիւն մը, որ վստահաբար բուռն բանավէճերու պիտի առաջնորդէ։
Ապրիլ 19-ին, լրագրողներու հետ ասուլիսին, Արտաքին գործոց նախկին նախարար Արա Այվազեան յայտարարած է, թէ Արցախի կարգավիճակի հարցով միջազգային հանրութիւնը Հայաստանին նշաձողի իջեցման յորդոր չէ ըրած, առնուազն մինչեւ անցեալ տարուան Մայիսի վերջը։
Շուրջ 25-ամեայ դիւանագիտական աշխատանքի փորձառութիւն ունեցող նախկին նախարարը, միաժամանակ, չէ մեկնաբանած, թէ ի՞նչ կը նշանակէ Արցախի կարգավիճակի հարցով նշաձողի իջեցում՝ թելադրելով դիմել կառավարութեան։
«Ազատութիւն» լրասփիւռը դիմած է Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանին՝ խնդրելով լուսաբանութիւն կատարել Արա Այվազեանի այս յայտարարութեան մասին, թէ միջազգային հանրութենէն ո՞ր երկիրը, ե՞րբ, ի՞նչ հանգամանքներու մէջ առաջարկած է Հայաստանին՝ Արցախի կարգավիճակի հարցով իջեցնել նշաձողը, եւ ի վերջոյ՝ ի՞նչ կը նշանակէ նշաձող իջեցնելը, հարց մը, որ Հայաստանի իշխանութիւնները դեռ չեն յստակացուցած։ Արտաքին գործոց նախարարութենէն ցարդ չեն պատասխանած։