2025 Յունիս 13-ի առաւօտեան, Լեւոն ԺԴ. պապի նախագահութեամբ Առաքելական պալատի Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ գումարուած Կարդինալական սովորական ժողովի մը ընթացքին հաստատուեցան քանի մը երանելիներու սրբադասման գործընթացն ու անոնց սրբադասման արարողութեան թուականները։
Անոնց շարքին է 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ` Մարտինի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ երբեմնի առաջնորդ` Իգնատիոս արքեպիսկոպոս Մալոյեան, որու սրբադասումը նախատեսուած է 2025 Հոկտեմբեր 19-ին։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։