Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախկին երեսփոխան եւ Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Ֆրանսուա Փիւփոնի, ֆրանսական քաղաքական ասպարէզի 29 այլ անձնաւորութիւններու ստորագրութիւնը կրող նամակ մը յղած է Եւրոպական Միութեան Արտաքին գործոց բարձրագոյն ներկայացուցիչ Գայա Գալասին, 2025 Ապրիլ 25-ին Ազերպայճան անոր կատարած այցելութեան կապակցութեամբ։
Ստորագրողները եւրոպական արժէքներուն դաւաճանութիւն կ՚որակեն այս այցելութիւնը, որ կատարուած է դէպի երկիր մը, ուր կը տիրէ «մեր մոլորակի ամենաճնշող բռնակալութիւններէն մէկը»։ Խստօրէն կը մեղադրուի Իլհամ Ալիեւի վարչակարգը, անոր՝ գրաքննութեան, կամայական ձերբակալութիւններու, պետական ցեղապաշտութեան, եւրոպական հողի վրայ ընդդիմադիրներու սպանութեան, միջազգային կաշառակերութեան եւ փոքրամասնութիւններու հալածանքի սեւ էջերու իւրաքանչիւրէն մանրամասնութիւններու յիշատակումով։
Բայց եւ այնպէս, նամակին մէջ նշուած կեդրոնական մեղադրանքը կը վերաբերի «դարուս առաջին ցեղային զտում»-ին՝ 2023 Սեպտեմբերին 120.000 արցախահայերու բռնի տեղահանութեան, որ յաջորդեց մարդասիրական ողբերգական տագնապի մը պատճառ դարձած շրջափակումին։ Նամակը կը նկարագրէ «արիւնարբու ահաբեկիչ խումբերու» գործած վայրագութիւններուն հետ համեմատելի դաժանութիւնները եւ կը դատապարտէ հայկական ժառանգութեան ծրագրեալ աւերումն ու անհետացումը։
Հեղինակները կը մեղադրեն Գալասը իր այցելութեան ընթացքին պահպանած լռութեան համար, մինչ կը շարունակուէին հայկական գիւղերու աւերումն ու գերիներու տանջանքը։ Անոնք այդ կեցուածքին մէջ կը տեսնեն «կրաւորական մեղսակցութիւն» մը, որ խոտոր կը համեմատի բռնակալական վարչակարգերու հանդէպ եւրոպական խստապահանջ դիրքորոշման։
Նամակին մէջ կը նշուի, թէ այս վարքը վտանգի կ՚ենթարկէ ԵՄ-ի բարոյական վստահելիութիւնը՝ անիմաստ դարձնելով նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւերն ու Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանի վճիռները։ Ստորագրողները նոյնիսկ մտավախութիւն կը յայտնեն Եւրոպական Միութեան ամբողջականութեան նկատմամբ, յիշեցնելով Ֆրանսայի օրինակը, որու դէմ Ազերպայճան ձեռնարկեց շարք մը «անկայունացնող գործողութիւններ»-ու։
Նամակը կ՚աւարտի հանդիսաւոր կոչով մը Գալասին՝ որ յստակացնէ իր դիրքը եւ հրապարակաւ դատապարտէ Ազերպայճանը, հաստատելով թէ ՝«Եւրոպայի ուժը կը կայանայ իր սկզբունքներուն համընդհանուր բնոյթին (universalité) մէջ, եւ ոչ թէ այդ սկզբունքներուն ըստ կամս՝ փոփոխական կիրարկման»։
Նամակը ստորագրողներու բոլորն ալ ծանօթ անձնաւորութիւններ են։ Բայց անոնցմէ յիշենք Ֆրանսուա-Զավիէ Պելամին, Վալերի Պուայէն, Ժիլպեր-Լիւք Տըվինան, Եանիք Ժատօն, Փաթրիք Քաները, Ռիշար Մալիէն, Մառլէն Մուռիէն, Փիէր Ուզուլիասը, Իզապէլ Սանթիակօն…
Աւելցնենք, որ շրջաբերական կարգով լայնօրէն տարածուած այս նամակը լոյս տեսաւ նաեւ «Մարիանն» շաբաթաթերթին մէջ։ ■
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։