Հոկտեմբեր 18-ի երեկոյեան, Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած է «Մեր ձեւով» շարժումին հանրահաւաքը՝ յաջակցութիւն բանտարկեալ գործարար Սամուէլ Կարապետեանին ու հոգեւորականներուն:
Հանրահաւաքին սկիզբը հնչած է Տէրունական աղօթք։
Ապա, Շարժումը համակարգող խորհուրդի անդամ Ալիկ Ալեքսանեան խօսք առնելով՝ ըսած է. “Այս իշխանութիւնը չունի կարմիր գծեր եւ այդ գծերը սահմանում է հայ ժողովուրդն իր դիմադրութեամբ, եւ հիմա պահանջում ենք՝ ձեռքներդ հեռու քաշէք մեր եկեղեցուց, պահանջում ենք ազատութիւն Սրբազաններին, պահանջում ենք ազատութիւն քաղբանտարկեալներին”։
Սամուէլ Կարապետեանի եղբօրորդին՝ Նարեկ Կարապետեան յայտարարած է. “Այսօր «Մեր ձեւով» շարժումը սկսում է երրորդ շարժումը՝ Հայաստանի վատ շրջանի աւարտի շարժումը եւ վերակառուցման շարժումը”:
Ան շարունակած է. “Մեր պայքարը լինելու է խաղաղ, բայց հետեւողական: Մենք հետեւողական գնալու ենք առաջ. ինչքան հետեւողական յարձակուեն մեր եկեղեցու վրայ, այնքան հետեւողական էլ մենք կը պաշտպանենք մեր եկեղեցին: Ինչքան հետեւողական փորձեն ինչ—որ ձեւ թուլացնել մեր հասարակութեան ակտիւ մասին, այդքան հետեւողական էլ մենք ցոյց կը տանք մեր ուժն ու միասնականութիւնը”:
Հանրահաւաքէն յետոյ Սամուէլ Կարապետեանի աջակիցները քայլերթով հասած են Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) շէնքին առջեւ՝ պահանջելով ազատ արձակել բանտարկուած Սամուէլ Կարապետեանը:
Այստեղ յայտարարուած է, որ «Մեր ձեւով» շարժումը յառաջիկային կը նախատեսէ ուխտագնացութիւն դէպի Էջմիածին, ինչպէս Շարժումին անդամները նշած են՝ «այդպիսով ցոյց կը տանք, որ եկեղեցին միայնակ չէ»: