Յուլիս 5-ին, Նետերլանտներու Լա Հէյ քաղաքին մէջ գումարուած համաժողովի ծիրին մէջ քննարկուած են Ազերպայճան-Հայաստան, Եւրոպական Միութիւն-Ազերպայճան-Հայաստան-Վրաստան յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր։ Լուրը հաղորդած է Ազերպայճանի դեսպան Ռահման Մուսթաֆաև՝ Թուիթըրի իր էջին գրառումով։
«Հետաքրքրական համաժողով Լա Հէյի մէջ՝ նուիրուած Ազերպայճան-Հայաստան, Եւրոպական Միութիւն-Ազերպայճան-Հայաստան-Վրաստան յարաբերութիւններուն: Պատիւ ունեցայ հայ գործընկերներուն (ապի, չեմ հասկնար հայե՞ր ալ մասնակցած են) բացատրելու տարածաշրջանային նոր իրականութեան հիմնական տուեալները։ Ղարաբաղի հայերի իրաւունքները կ՚ապահովուին Ազերպայճանի միւս քաղաքացիներու հետ հաւասար պայմաններով։ Հաւասարութիւն Ազերպայճանի օրէնքով՝ ո՛չ աւելին, ո՛չ պակաս»,– գրած է դեսպանը։
Նկարին մէջ կ՚երևի, որ համաժողովին մասնակցած է նաև Եւրոպական Միութեան յատուկ բանագնաց Թոյվօ Քլաար։