Յուլիս 14-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնին՝ Ազգային տօնին առթիւ, ուր յատկապէս նշուած է.
«Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ եւ իմ լաւագոյն մաղթանքները կը յղեմ ձեզի եւ ֆրանսացի ժողովուրդին Ֆրանսայի Ազգային տօնին առիթով։
Ֆրանսացի ժողովուրդին համար մեծ կարեւորութիւն ունեցող այս օրը լաւագոյն առիթը կ՚ընձեռէ կրկին ընդգծելու Ֆրանսայի առանձնայատուկ դերը ազատութեան, հաւասարութեան եւ եղբայրութեան համամարդկային վեհ արժէքներու ամրագրման մէջ, ինչպէս նաեւ վերահաստատելու մեր յանձնառութիւնը զանոնք դարձնելու իրականութիւն՝ ի բարօրութիւն մեր քաղաքացիներու եւ պետութիւններու։
(…) Գոհունակութեամբ կ՚ուզեմ ընդգծել, որ մեր երկու երկիրներու միջեւ փոխադարձ գործակցութիւնը այժմ կ՚ ընդգրկէ կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարը, կենսաբազմազանութեան պաշտպանութիւնն ու արհեստական բանականութիւնը։ Այս համածիրին մէջ, կը փափաքիմ վերահաստատել Հայաստանի յանձնառութիւնը՝ նպաստելու համաշխարհային սոյն մարտահրաւէրները դիմագրաւելու ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերուն։
Բարձր կը գնահատեմ նաեւ բարեկամ Ֆրանսայի շարունակական կարեւոր աջակցութիւնը եւ Ձեր անձնական ջանքերը՝ Հարաւային Կովկասի մէջ արդար ու մնայուն խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ»։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։