Յուլիս 26-ին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելած է Հայաստան-Թուրքիա սահմանի «Մարգարա» անցակէտը։
Ան Դիմագիրքի իր էջին գրած է, թէ անցակէտը արդիականացուած է, իսկ ծրագրին արժէքը 1 միլիառ դրամ է։