Վարչապետ Փաշինեան Դեկտեմբեր 21-ին աշխատանքային այցելութեամբ ժամանած է Ռուսաստանի Ս. Փեթերսպուրկ քաղաքը։
Զինք Ս. Փեթերսպուրկի «Փուլքովօ» օդակայանին մէջ դիմաւորած են Լենինկրատի շրջանի նահանգապետի տեղակալ Եարոսլաւ Սերովը եւ Ս. Փեթերսպուրկի փոխնահանգապետ Պորիս Փիոթրովսքին։
Նիկոլ Փաշինեան նոյն օրը Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կը մասնակցէր Եւրասիական տնտեսական միութեան բարձրագոյն խորհուրդի նիստին, իսկ Դեկտեմբեր 22-ին՝ ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու ոչ-պաշտօնական հանդիպման։
Ռուսաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, որ նախագահ Փութին առանձին տեսակցութիւն պիտի ունենայ վարչապետ Փաշինեանի հետ։