ՆԻՒ ԵՈՐՔ – Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր համագումարի 80-րդ նստաշրջանին

Վարչապետ Փաշինեան Սեպտեմբեր 27-ին, Նիւ Եորքի մէջ ելոյթ ունեցած է ՄԱԿի Ընդհանուր համագումարի 80-րդ նստաշրջանին։

Ան իր ճառին մեծ մասը յատկացուցած է Հայաստանի ու Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման նիւթին, մանրամասնօրէն ներկայացնելով այդ ճամբուն վրայ վերջին տարիներուն քայլ առ քայլ արձանագրուած նուաճումները։

Վարչապետը յայտարարած է, որ երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութիւն հաստատուած է, սակայն պէտք չէ սա նկատել վերջնակէտ, այլ ամէնօրեայ աշխատանք եւ խնամք պահանջող գործընթաց։

Որպէս այս խաղաղութեան իրաւական հիմք, ան յիշատակած է 1991-ի ԱլմաԱթայի հռչակագիրը, որուն համաձայն երկու երկիրները կը ճանչնան մէկզմէկու հողային ամբողջականութիւնը՝ Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանի վարչական սահմաններով։ Սա կը նշանակէ, որ Հայաստանի տարածքը նոյնն է Խորհ. Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին հետ, իսկ Ազերպայճանինը՝ Խորհ. Ազերպայճանի տարածքին։ Վարչապետը խաղաղութեան գործընթացին մէջ շրջադարձային համարած է Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ նախաստորագրուած համաձայնագիրը եւ ատոր մէջ ԱՄՆու նախագահ Տանըլտ Թրամփի անհերքելի դերը։

«Թրամփի ուղի» ծրագիրը եւ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի Հարցը

Վարչապետ Փաշինեան, այս համածիրին մէջ խօսած է նաեւ «Թրամփի ուղի»-ին մասին՝ նշելով, որ ան պիտի ապահովէ Ազերպայճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ անխոչընդոտ հաղորդակցութիւն՝ Հայաստանի տարածքով, յարգելով Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու իրաւազօրութիւնը։ Միաժամանակ Փաշինեան մերժած է Ազերպայճանի կողմէ գործածուող «Զանգեզուրի միջանցք» եզրը՝ ըսելով, որ սա համաձայնութեան արժանացած փաստաթուղթերուն մէջ չկայ եւ կ՚ընկալուի իբրեւ հողային պահանջ։

Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները

Իր ելոյթին մէջ վարչապետը ընդգծած է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բարելաւումը եւ նախագահ Էրտողանի հետ հանդիպումներու դրական ընթացքը՝ նպատակ ունենալով հաստատել դիւանագիտական կապեր եւ լիովին բանալ սահմանը։

Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւն

Ան յայտարարած է, որ Հայաստան սկսած է Եւրոպական Միութեան անդամակցելու գործընթաց՝ աւելցնելով, որ սա պէտք է դիտել ոչ թէ աշխարհաքաղաքական, այլ ժողովրդավարական բարեփոխումներու եւ արժէքներու յանձնառութիւն։

Ներքին բարեփոխումներ

Այս առթիւ Հայաստանի վարչապետը յայտարարած է, որ 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք պիտի կազմակերպուի նոր Սահմանադրութեան հանրաքուէ՝ երկրի ժողովրդավարական հիմքերը ամրապնդելու համար։

Միջազգային ներգրաւում

Ինչ կը վերաբերի միջազգային ասպարէզի մէջ երկրին ներգրաւման՝ վարչապետը ըսած է, որ 2026-ը կարեւոր տարի մը պիտի ըլլայ Հայաստանի համար, որ պիտի հիւրընկալէ Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովը եւ ՄԱԿի Կենսաբանական բազմազանութեան մասին համաժողովը։