Դեկտեմբեր 13-ին, Նիւ Եորքի նշանաւոր «Փլազա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած է «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամի (COAF) 22-րդ ամէնամեայ կալա-երեկոյթը, որու ընթացքին հանգանակուած է աւելի քան 8 միլիոն տոլար։ «Լուսաւորենք ապագայի ճամբան» խորագիրը կրող երեկոյթին հասոյթը պիտի տրամադրուի Հայաստանի գիւղական համայնքներուն մէջ կրթական, առողջապահական եւ ընկերային ծրագրերու իրականացման։
Ձեռնարկը համախմբած է բարերարներ եւ աջակիցներ աշխարհի չորս ծագերէն։ Ներկաները տօնած են տարուան ձեռքբերումները, որոնց շարքին՝ Լոռիի Դեբեդ գիւղին մէջ «Յարութիւն եւ Սիւզան Մանկոյեան» նորակառոյց դպրոցի բացումը եւ Արմաւիրի մէջ կառուցուող «COAF Smart» աւանի շինարարութեան յառաջընթացը։
Երեկոյթին ընթացքին «Հզօրացնելով սերունդները» մրցանակը շնորհուած է Tacori ապրանքանիշի հիմնադիր Թագորեան ընտանիքին, իսկ «Կեանքի ընթացքին ձեռք բերուած նուաճումներ» մրցանակը՝ «Կրեմմի»-ի դափնեկիր երգչուհի Թելմա Հիւսթընին։ Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնուած է նաեւ LA Times Studios-ին՝ ցուցաբերած աջակցութեան համար։

Կալան վարած են FOX 11-ի հաղորդավար Արաքսիա Կարապետեան եւ COAF-ի փոխնախագահ Հայկ Պոյաճեան։ Ելոյթներով հանդէս եկած են յայտնի դէմքեր, ինչպէս՝ դերասան Ճօ Մանկանիելօ, Անտրeա Մարթին, Գեւ Օրգեան եւ ուրիշներ։
“Աւելի քան երկու տասնամեակէ ի վեր մեր համայնքը կ՚ապացուցէ, որ ռազմավարական ներդրումները կրնան փոխել կեանքի ուղիները։ Այս բացառիկ մեծահոգութիւնը կարելիութիւն պիտի ընձեռէ հազարաւոր երեխաներու՝ կերտելու իրենց ապագան”,– նշած է COAF-ի հիմնադիր Կարօ Արմէն։
Նշենք, որ 2003-էն ի վեր հիմնադրամը բարեփոխած է աւելի քան 120.000 անձերու կեանքը։ Արմաւիրի նոր կեդրոնի շինարարութիւնը նախատեսուած է աւարտել 2028-ին, որմէ ետք ծրագիրը պիտի ընդլայնուի դէպի Սիւնիք։