ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ – Լոյս տեսած է Ուիլիըմ Սարոյեանի «Ոստրէն ու մարգարիտը»

Երեւանի մէջ, «Անտարես» հրատարակչատունը լոյս ընծայած է Ուիլիըմ Սարոյեանի «Ոստրէն ու մարգարիտը» վերտառութեամբ թատերգութիւններու հատորը, թարգմանութեամբ «Մարք Թուէյն» եւ «Ու. Սարոյեան» միջազգային մրցանակներու դափնեկիր, թատերագիր Էլֆիք Զօհրաբեանի: Վերջինս երկար տարիներէ ի վեր կը զբաղի սարոյանագիտութեամբ:

Թատերգութիւններու սոյն ընտրանին կ՚ընդգրկէ Սարոյեանի բազմաոճ գործերը. օփերայի, պալէի, ձայնասփիւռի ու հեռատեսիլի համար գրուած  ինքնատիպ ու նուրբ երգիծանքով լի թատերգութիւնները (1930–50) շատ ծանօթ չեն, իսկ «Փոքր ազգերու տառապանքը» թատերգակը հայերէն թարգմանուած է առաջին անգամ:

Ըստ Սարոյեանի՝ «թատերգութիւն կարդացողը աւելի լաւ մարդ է, քանի որ իր միտքին մէջ նաեւ կը բեմադրէ զայն»:

108 էջերէ կազմուած սոյն գիրքը խմբագրած է Զաւէն Պօյաճեան։

Խմբագրական