Աշխարհի աւելի քան 20 երկիրներու ղեկավարներ Հոկտեմբեր 13-ին համախմբուեցան Եգիպտոսի Շարմ էլ—Շէյխ քաղաքին մէջ՝ մասնակցելու համար Մերձաւոր Արեւելքի խաղաղութեան վեհաժողովին, որուն նպատակն էր Կազայի հարցով խաղաղութեան փաստաթուղթի մը ստորագրութիւնը։ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ էլ—Սիսիի համանախագահութեամբ ընթացած այս կարեւոր հանդիպումին ներկայ էին ՄԱԿ—ի Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէշ, Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր, Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն, Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերց եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։
Վեհաժողովին, նախագահներ Թրամփի եւ Սիսիի հրաւէրով, կը մասնակցէր նաեւ վարչապետ Փաշինեան, ընկերակցութեամբ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի։
Ձեռնարկի շրջանակին մէջ, ուշագրաւ զարգացում մը արձանագրուեցաւ, երբ վարչապետ Փաշինեան եւ Ազերպայճանի նախագահ Ալիեւ ոչ—պաշտօնական զրոյց մը ունեցած են։ Անոնց զրոյցին միացած է նաեւ Փաքիստանի վարչապետ Շեհպազ Շարիֆ, որ իր ուրախութիւնը յայտնած է երկու ղեկավարները զրուցելու ընթացքին տեսնելուն համար։ Իր կարգին, վարչապետ Փաշինեան Փաքիստանի իր պաշտօնակիցին յիշեցուցած է երկու երկիրներու միջեւ 2025 Օգոստոս 31-ին դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին ստորագրուած համատեղ հաղորդագրութիւնը։
Նախարար Միրզոյեան եւս հանդիպումներ ունեցած է Սաուտական Արաբիոյ, Ազերպայճանի, Սպանիոյ, Ֆրանսայի, Թուրքիոյ, Հնդկաստանի եւ այլ երկիրներու իր պաշտօնակիցներուն հետ։
Հակառակ նախնական սպասումներուն, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու չէ մասնակցած վեհաժողովին։ Անոր գրասենեակը յայտարարած է, որ բացակայութեան պատճառը Հոկտեմբեր 13-ի երեկոյեան սկիզբ առնող հրէական տօնն է։ Այս որոշումը կը հակասէ նախապէս տարածուած տեղեկութիւններուն, որոնց համաձայն Նեթանիահու հեռաձայնային խօսակցութեան մը ընթացքին ընդունած էր նախագահ Սիսիի հրաւէրը։ Իր բացակայութիւնը յայտարարելով հանդերձ, Նեթանիահու շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Թրամփին՝ «ուժի միջոցով խաղաղութիւն» հաստատելու իր ջանքերուն համար։