ՇԻՐԱԿԻ ՄԱՐԶ – BBC News անդրադարձած է Թումոյի հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան թուայնացման ծրագրին

BBC News—ի The Documentary փոտքասթը անդրադարձած է Թումոյի հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան թուայնացման ծրագրին։

Փոտքասթի Heart and Soul շարքի թղթակից Ճուլիա Փօլ՝ Թումոյի թուայնանցան խումբին հետ այցելած է Երերոյքի տաճար՝ տեղւոյն վրայ ծանօթանալու ծրագրի շրջանակին մէջ կատարուող աշխատանքներուն եւ զրուցելու մասնագէտներուն ու ծրագրի ղեկավար Հիւլէ Քէշիշեանի հետ։

Ճուլիա Փօլ Թումոյի կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցած է ուսանողներուն եւ գործադիր տնօրէնուհի Մարի Լու Փափազեանի հետ՝ քննարկելով սոյն ծրագրին դերն ու նշանակութիւնը վտանգի տակ գտնուող յուշարձաններու թուայնացման եւ քրիստոնէական մշակոյթին հետ հաղորդակցութեան առնչուող հարցեր։