«Շողակաթ»-ը հանրային հեռատեսիլի ալիքի կարգավիճակէն զրկելու նախագիծը ամբողջութեամբ ընդունուած է

Ազգային ժողովը ամբողջութեամբ ընդունած է «Շողակաթ»-ը հանրային հեռատեսիլի ալիքի կարգավիճակէն զրկելու նախագիծը։

Նախագիծը հեղինակած են «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան երեսփոխաններ Թագուհի Ղազարեանն ու Սիսակ Գաբրիէլեանը։ Անոնք կ՚առաջարկեն կրճատել հանրային կարգավիճակ ունեցող հեռատեսիլի ալիքներու թիւը՝ 3-էն 2-ի։

Հանրային երեք ալիքներն են՝ «Առաջին ալիքը»՝ որպէս հիմնական հեռարձակող, հոգեւորմշակութային «Շողակաթ»-ը եւ «Լուրեր» լրատուական ալիքը։