Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Շուշիի մէջ Ալիեւի կազմակերպած ձեռնարկին Վրաստանի Հանրային հեռատեսիլի գլխաւոր տնօրէնին եւ նոյն հեռատեսիլի հայերէն բաժնի ղեկավարին մասնակցութիւնը տարակուսանք կը յարուցէ»

 

«Վիրահայ համայնք» կազմակերպութեան հաղորդագրութիւնը

«Վիրահայ համայնք» կազմակերպութիւնը անդրադարձած է բռնագրաւուած Շուշիի համաժողովին Վրաստանի Հանրային հեռատեսիլի գլխաւոր տնօրէնին եւ նոյն հեռատեսիլի հայերէն բաժնի ղեկավարին մասնակցութեան հարցին։ Այս առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է.

«Մինչ Արցախի 120.000 բնակչութիւնը, բացառապէս հայ ըլլալուն պատճառով, Ազերպայճանի բռնապետական վարչակազմին կողմէ կ՚ենթարկուի ցեղասպանութեան՝ քանի մը քիլոմեթր անդին Ալիեւ կը կազմակերպէ «Shusha Global Media Forum» կոչուած ձեռնարկը: Այլեւս զարմանալի չէ վերջինիս լկտիութեան մակարդակը:

Սակայն մեզի համար տարակուսելի է, որ սովի մատնուած հայ երախաներէն ընդամէնը քանի մը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ անոնց դահիճներուն կողմէ կազմակերպուած այս միջոցառման կը մասնակցին Վրաստանի Հանրային հեռատեսիլի (որ կը գանձատրուի Վրաստանի քաղաքացիներու, անոնց մէջ` շուրջ 180.000 Հայերու վճարած հարկերով) գլխաւոր տնօրէն Թինաթին Պերձենիշվիլի եւ նոյն հեռատեսիլի հայերէն բաժնի ղեկավար Ռամիլա Ալիեւա: Նկատի ունենալով, որ Վրաստանի իշխանութիւնները միշտ հանդէս եկած են Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ չէզոք դիրքերէ` յաճախ փորձելով դառնալ միջնորդ՝ տարածաշրջանի խաղաղութեան հաստատման հոլովոյթին մէջ, նշեալ պաշտօնատար անձերու մասնակցութիւնը Շուշիի համաժողովին մտահոգութեան տեղի կու տայ:

Մենք նախապէս ալ յայտարարած էինք, որ Հանրային հեռատեսիլի հայերէն եւ ազերպայճաներէն բաժնի ղեկավարի պաշտօնին Ռ. Ալիեւայի ներկայութիւնը խոչընդոտ պիտի հանդիսանայ առարկայական եւ անկողմնակալ գործունէութեան, սակայն հեռատեսիլի ղեկավարութիւնը այդ ուղղութեամբ որեւէ գործուն քայլի չէ ձեռնարկած»։