Արմաւիրի ոստիկանատան մէջ բռնութեան ենթարկուած քաղաքացի Սերգէյ Աբրահամեան մանրամասնութիւններ կը պատմէ իր դէմ ոստիկաններու կիրարկած բռնութիւններէն: Սոսինձով փակած են բերանը եւ ծեծած։ Ենթական ոստիկաններուն կողմէ խոշտանգման ենթարկուած է։
Նշենք, թէ փաստաբան Արա Ղարակէօզեան օրեր առաջ ահազանգած էր ոստիկանական խոշտանգումներու յաջորդական այս դէպքին մասին՝ հրապարակելով տեսանիւթ եւ լուսանկարներ, փաստելով քաղաքացիին նկատմամբ կիրարկուած բռնութիւնը: Սերգէյ Աբրահամեան Ապրիլ 28-ին իբրեւ վկայ ներկայացած է Արմաւիրի քննչական բաժին, սակայն զինք չեն ընդունած:
Ըստ Աբրահամեանի՝ յաջորդ օրը խումբ մը ոստիկաններ գացած են անոր բնակարանը: Քաղաքացին պատրաստակամութիւն յայտնած է ներկայանալ ւ ոստիկանատուն, սակայն բնակարանը ներխուժած են այլ ոստիկաններ եւ Աբրահամեանը բռնութեան ենթարկած կնոջ աչքին առջեւ: Յետոյ տարած են ոստիկանատուն, ուր դաժանաբար ծեծած են: Դէպքին առնչութեամբ Ապրիլ 29-ին քրէական վարոյթի նախաձեռնուած է:
Հայաստանի Ներքին գործոց նախարարի մամլոյ քարտուղար Նարեկ Սարգսեան դէպքին առնչութեամբ յայտարարած է, թէ տուեալ անձը դրսեւորած է ոչ-պատշաճ վարք՝ չենթարկուելով ոստիկաններու օրինական պահանջներուն:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։