Արցախի ցեղասպանութիւնն ու Պաքուի մէջ ապօրինաբար բանտարկուած հայ գերիներու տագնապը անգամ մը եւս քննարկուած է այս անգամ Գոնկրէսի «Թոմ Լանթոս» Մարդկային իրաւանց յանձնախումբի նիստին, զոր գլխաւորած է գոնկրէսական Քրիս Սմիթ։
Քննարկումներուն շեշտուած է Արցախի բնիկ հայութեան վերադարձը ապահովելու, Պաքուի դէմ պատիժներ կիրարկելու, հայ գերիներու ազատ արձակումը ապահովելու եւ Ազերպայճանին տրամադրուող ամերիկեան աջակցութիւնները անյապաղ կասեցնելու կարեւորութիւնը։ Իր խօսքին մէջ, Սմիթ ընդգծած է, թէ պէտք է յաւելեալ ճնշում բանեցուի Պաքուի վրայ, ապահովելու համար հայ գերիներու ազատ արձակումը, ինչպէս նաեւ Արցախի հայ մշակութային ժառանգութեան պահպանումը եւ Արցախի հայութեան վերադարձը։
Արցախի նախկին Պետական նախարար եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան Արտակ Բեգլարեան մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է Արցախի ցեղասպանութեան մասին՝ շեշտելով, թէ ազերպայճանական արշաւը հիմնուած է հայութեան դէմ ատելութիւն սերմանելու՝ Պաքուի երկար տարիներու քաղաքականութեան վրայ։
Իր կարգին, Արցախի նախկին Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի փաստաբան Ճերըտ Կենսըր լուսարձակի տակ առած է Պաքուի մէջ բանտարկուած հայ գերիներու կացութիւնը՝ շեշտելով, որ գերիները Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի բռնատիրութեան խորհրդանիշերը կը հանդիսանան։
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունած է այս նախաձեռնութիւնը՝ յոյժ կարեւոր նկատելով՝ քննարկումներու ընթացքին՝ խօսքէն գործի անցնելու հրամայականի շեշտումը։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։