Ուրբաթ, Օգոստոս 8-ին, Սպիտակ տան մէջ, ԱՄՆ-ու նախագահ Տանըլտ Թրամփի՝ նախ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ ապա Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ առանձին տեսակցութիւններէն ետք, տեղի ունեցած է եռակողմ հանդիպումը որու ընթացքին հանդիսաւորապէս ստորագրուած է Խաղաղութեան համաձայնագրի մտադրութեան մասին հռչակագիրը՝ Թրամփի, Փաշինեանի եւ Ալիեւի կողմէ։
Այս առթիւ, Փաշինեան յայտարարած է. “Կը շՆորհաւորեմ բոլորս, մեր տարածաշրջանի երկիրները, կը շնորհաւորեմ աշխարհը․ ասոր արդիւնքը պիտի ըլլայ միանշանակ աւելի լաւ աշխարհ մը։ (…) Այս յաջողութիւնը անկարելի պիտի ըլլար առանց նախագահ Թրամփի անձնական ներգրաւման ու մեր տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու վճռական յանձնառութեան։ (…) Ապագան այսօ՛ր է: Փառք նահատակներուն եւ կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը”։
Ալիեւ ալ ըսած է. “Համոզուած եմ, որ Հայաստան ու Ազերպայճան պիտի գտնեն քաջութիւնն ու պատասխանատւութիւնը՝ հաշտուելու, ժողովուրդներն ալ պիտի հաշտուին: Մենք կը դարձնենք առճակատման էջը եւ պայծառ ապագա կ՚ապահովենք մեր երեխաներուն։ (…) Այսօր մենք նախաստորագրեցինք Խաղաղութեան պայմանագիրը աշխարհի թիւ մէկ մայրաքաղաքին, թիւ մէկ նստավայրին մէջ եւ մա՛նաւանդ՝ ԱՄՆ-ու նախագահին հետ, եւ այդ տեղիք չի թողեր կասկածի, որ կողմերէն որեւէ մէկը հրաժարի։ Եթէ ես կամ Փաշինեան նման կասկած ունենայինք, հոս չէինք ըլլար”։
Իսկ նախագահ Թրամփ իր կարգին յայտարարած է. “35 տարի անոնք կռուեցան ու հիմա բարեկամ պիտի դառնան երկար ժամանակ։ Մեծագոյն պատիւ է բոլորը ողջունել Սպիտակ տան մէջ։ Կ՚ուզեմ ողջունել երկու հրաշալի առաջնորդները, որոնք եկան Ուաշինկթըն ստորագրելու համար այս պատմական հռչակագիրը։ (…) Հայաստան ու Ազերպայճան յանձն կ՚առնեն յաւերժ դադրեցնել ամէն տեսակի հակամարտութիւն, բանալ առեւտրային, ճամբորդական, մէկ խօսքով՝ երթեւեկութեան ճամբաները, հաստատել դիւանագիտական յարաբերութիւններ, յարգել մէկզմէկու տարածքային ամբողջականութիւնը”:
Ստորագրութեան արարողութենէն ետք, Թրամփ յայտնած է այն համոզումը, թէ Հայաստան ու Ազերպայճան շատ լաւ յարաբերութիւններ պիտի ունենան ու այդ մասին ինք կասկած չունի։ “Եթէ ոչ՝ ինծի հեռաձայնեցէք ու ես պիտի լուծեմ ամէն ինչ”,– ըսած է ան:
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանէն անցնելիք միջազգային երթուղին Տանըլտ Թրամփի անունով կոչելու որոշումին, ԱՄՆ-ու նախագահը ըսած է. “Ես այդպիսի բան չէի խնդրած., բայց մեծ պատիւ է ինծի համար՝ երթուղիին իմ անունը կրելը”։
Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունած է «Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ կայուն խաղաղութեան ուղղութեամբ յառաջընթացը, ինչպէս նաեւ Ուաշինկթընի մէջ արձանագրուած յանձնառութիւնը»։
Հայաստանի Անվտանգոպթեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան մեկնաբանելով նշեալ փաստաթուղթի ստորագրումը, յայտարարած է.
“Խաղաղութիւնը Հայաստանի անվտանգութեան ամենագլխաւոր երաշխիքն է, եւ խաղաղութեան օրակարգը այսօր իրականութիւն է:
Ուաշինկթընեան համաձայնագրերով մենք ամրապնդեցինք Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը:
Յաւերժ փառք նահատակներուն”:
Այս զարգացումներու լոյսին տակ, Ազերպայճանի նախագահը յայտարարած է. “Առաջարկ մը ունիմ. թերեւս մենք վարչապետ Փաշինեանի հետ համաձայնինք եւ միասնաբար դիմում ուղարկենք Նոպէլեան յանձնաժողովին, որ նախագահ Թրամփին շնորհուի Խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակը”։
Փաշինեան ալ նոյնիմաստ յայտարարութիւն մը ըրած է. “Ես կը կարծում՝ նախագահ Թրամփ արժանի է Խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակին”։
Լուսարձակները իր վրայ կեդրոնացուցած Խաղաղութեան համաձայնագրի մտադրութեան մասին հռչակագիրի ստորագրման զուգահեռ՝ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւններուն միջեւ տեղի ունեցած են նաեւ կարեւոր բանակցութիւններ, որոնք յանգած են հետեւեալ փոխըմբռնման յուշագրերուն.
● «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծի կարողութիւններու զարգացման ոլորտին մէջ գործընկերութեան մասին,
● Արհեստական բանականութեան եւ կիսահաղորդիչներու ոլորտին մէջ նորարարական գործընկերութեան մասին,
● Ուժանիւթային անվտանգութեան ոլորտին մէջ գործընկերութեան մասին։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։