ԱՄՆ-ու նախագահի ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդական Ճեյք Սալիվըն Դեկտեմբեր 22-ին Հայաստանի Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի եւ Ազերպայճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժանմունքի ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւի հետ առանձին հեռաձայնային զրոյցներու ընթացքին յորդորած է Պաքուին եւ Երեւանին՝ մեղմելու համար երկկողմ լարումը՝ քայլերու ձեռնարկել, որ հիմք պիտի հանդիսանայ բարիդրացիական յարաբերութիւններու հաստատման։ Լուրը հաղորդած է Սպիտակ Տունը։
Սպիտակ տան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն՝ ամերիկացի դիւանագէտը մտահոգութիւն յայտնած է Բերձորի միջանցք մուտքի խոչընդոտման եւ տեղւոյն իրավիճակէն բխող մարդասիրական տագնապին կապակցութեամբ, կոչ ընելով ամբողջովին վերականգնել միջանցքով ազատ տեղաշարժը: