«Ֆորպս» ամսագիրը հրապարակած է աշխարհի միլիառատէրերու ցանկը՝ Սեպտեմբեր 30-ի դրութեամբ:
Ըստ «Ֆորպս»-ի դասաւորման՝ աշխարհի ամենահարուստ մարդն է Թէսլա-ի հիմնադիր Իլան Մասք. կը յաջորդեն Ճեֆ Պեզոս ու Պերնար Առնօ:
Այս ցանկին մէջ տեղ գտած են ինը Հայեր: «Տաշիր» ընկերութիւններու սեփականատէր Սամուէլ Կարապետեան իր հարստութեամբ 636-րդն է՝ 4,3 միլիառ տոլար հարստութեամբ: Յատկապէս պսակաձեւ ժահրի պատուաստով հանրածանօթ դարձած դեղագործական արտադրութեանց «Մոտերնա» ընկերութեան հիմնադիրներէն եւ գլխաւոր բաժնետէր Նուպար Աֆէեան կը հասնի 860-րդ դիրքի վրայ. անոր հարստութիւնը կը կազմէ 3,8 միլիառ տոլար: Ցանկին 932-րդն է «Մակնիտ» գերխանութներու նախկին սեփականատէր Սերկէյ Կալիցքի. անոր հարստութիւնը կը գնահատուի 3,5 միլիառ տոլար: «Ֆիքս փրայս» խանութներու ցանցի սեփականատէրերէն Արտիոմ Խաչատրեան 1055-րդ կարգի վրայ է 3,1 միլիառ տոլարով: Մեծն Բրիտանիա բնակող ռուսահայ Անտրէյ Անտրէեւ (Անտրէյ Օհանջանեան) 1,9 միլիառ տոլար հարստութեամբ ցանկին 1720-րդն է: Արժանթինահայ Էտուարտօ Էռնէկեան 2118-րդ է 1,5 միլիառ տոլար հարստութեամբ: Հեռատեսիլի աստղ Քիմ Քարտաշեան 1,2 միլիառ տոլար հարստութեան տէր է եւ ցանկին մէջ կը հասնի 2392-րդ տեղը, իսկ Ռուբէն Վարդանեան՝ 1 միլիառ տոլարով 2671-րդ տեղը: