«Ուիլիըմ Սարոյեան՝ գրողական սլացքը» հատորը

Հարցազրոյց՝ հատորին հեղինակին՝ սարոյեանասէր գրականակէտ Յակոբ Փափազեանի հետ

Վերջերս, Էլէֆ­թե­րիա հրա­տարակ­չա­տու­նէն լոյս տե­սաւ սա­րոյեանա­սէր գրա­կանա­գէտ Յա­կոբ Փա­փազեանի աշ­խա­տասի­րած քա­ռահա­տորը «Ուիլիըմ Սա­րոյեան՝ գրողական սլաց­քը» (William Saroyan Writing Momentum) խո­րագ­րով։ Փա­փազեան աւե­լի քան 30 տա­րի ու­սումնա­սիրած է Ուի­լիըմ Սա­րոյեանի գոր­ծե­րը եւ վեր­ջա­պէս հրա­տարա­կու­թեան յանձնած իր աշ­խա­տասի­րու­թիւնը։ Յ. Փա­փազեան կը նկա­տէ թէ իր ու­սումնա­սիրած հե­ղինա­կին գոր­ծե­րը իրենց իս­կա­կան ար­ժէ­քին յարիր չեն ար­ժե­ւորուած ամե­րիկեան անկլո­սաք­սոն գրաքննա­դատու­թեան կող­մէ եւ հարկ էր յանձնա­ռու ըլ­լալ Սարոյեանը վե­րար­ժե­ւորե­լու մար­տահրա­ւէրը դի­մագ­րա­ւելու։

Սա­րոյեանի գոր­ծե­րը բա­ւականաչափ չեն սեր­տուած։ Այս առըն­չութեամբ New-York Times-ի գրա­կան սիւ­նա­կի քննա­դատ Նո­նա Պա­լաքեան կը գրէ, թէ որ­քան ան կար­դայ եւ դար­ձեալ կար­դայ Սա­րոյեանի գոր­ծե­րը, աւե­լի ու աւե­լի կը հա­մոզուի, թէ անոր գրա­կանու­թիւնը իր խոր­քին մէջ կը պար­փա­կէ գեղարուեստական եւ փի­լիսո­փայա­կան իմաստ մը, որ աւե­լի խո­րունկ եւ բարդ է քան ինչ կը թուի ըլ­լալ առա­ջին ըն­թերցա­նու­թեամբ։ Անոր գոր­ծե­րը կը պար­փա­կեն բա­ցառիկ ինքնո­ւրոյնութիւն։

Նոյն կար­ծի­քը ու­նի Howard Floan, հե­ղինակ՝ «Ուիլիըմ Սա­րոյեան» քննա­դատա­կան հա­տորին։ Henry Edward Krehbiel գո­վասան­քով կը խօ­սի «Անունս Սա­րոյեան է» գիրքի հրա­տարա­կու­թեան առ­թիւ։ Կը քա­ջալե­րենք նման աշխատասիրութիւններ, որոնք առիթ կ՚ընծայեն գրաքննա­կան հե­տազօ­տող­նե­րուն ար­ժա­նի գնա­հատա­կանը տա­լու Սա­րոյեանի գրա­կանու­թեան։

***

«Նոր Յա­ռաջ» – Փա­րիզի մէջ Սոր­պո­նի հա­մալ­սա­րանը բաղ­դա­տական գրա­կանու­թեան ուսման ձեր տոք­թո­րակա­նի նիւթ ընտրած էք Սա­րոյեանի գրա­կանու­թիւնը եւ անկէ ի վեր անայ­լայլ կեր­պով շա­րու­նա­կած էք Սա­րոյեանի գոր­ծե­րուն եւ կեան­քին ու­սումնա­սիրու­թիւնը եւ այ­սօր ձեր 38 տա­րուան աշ­խա­տասի­րու­թեան ար­գա­սիքը կը ներ­կա­յաց­նէք հան­րութեան՝ քա­ռահա­տոր հրա­տարա­կու­թեամբ, անգլե­րէնով. սկսինք ամէնէն տար­րա­կան հար­ցումէն՝ ինչպէ՞ս ի յայտ եկաւ Սա­րոյեան գրո­ղը։

Յա­կոբ Փա­փազեան Սա­րոյեանի գրող դառ­նա­լու գլխա­ւոր դրդա­պատ­ճա­ռը հօ­րը մահն է, երբ ինք երեք տա­րեկան էր: Իր եղ­բօր ու եր­կու քոյ­րե­րուն հետ կը ղրկուի Ֆրէտ Ֆինչ որ­բա­նոցը, ուր կը մնան մօ­տաւո­րապէս չորս տա­րի: Որ­պէս գերզգա­յուն մա­նուկ, խո­րապէս կը զգայ եւ կ՚ապ­րի հօր եւ մօր բա­ցակա­յու­թիւնը: Այս իրա­դար­ձութիւ­նը կա­նուխ տա­րիքէն կը մղէ զինք մտո­րելու կեան­քի եւ մա­հուան հար­ցադրումնե­րուն շուրջ՝ ին­չո՞ւ ապ­րող էակ մը կը մա­հանայ: Ին­չո՞ւ մա­հը անշրջե­լի դէպք մըն է: Ին­չո՞ւ մա­հը կրնայ յան­կարծա­կիօրէն եւ անսպա­սելի պա­հու մը վերջ դնել մար­դու մը կեան­քին: Այս խո­կումնե­րուն ընդմէ­ջէն ան բա­ցար­ձա­կապէս կը «մեր­ժէ» հօ­րը մա­հը եւ ընդհան­րա­պէս մա­հուան գա­ղափա­րը: Հօ­րը մա­հը կ՚իմաս­տա­ւորէ որ­պէս էական կո­րուստ եւ սի­րոյ զրկանք: Այ­սուհան­դերձ ան կը հա­ւատար թէ ինք սի­րուած է, թէ իր հայ­րը եւ մեծ հայ­րե­րը կը հսկեն իր վրայ եւ կը սի­րեն զինք: Այս «հայ­րը» ան կ՚անուանէ Աս­տուած, մտքին մէջ ու­նե­նալով «սկիզբն է բա­նը, եւ բանն Աս­տուծոյ քովն է, եւ բա­նը Աս­տուած է» (Աւե­տարան ըստ Յով­հաննու 1:1):

Անհրա­ժեշտ է այստեղ յի­շել, թէ Սա­րոյեանի հայ­րը կը պատ­կա­նէր Երի­ցական (Presbyterian) եկե­ղեց­ւոյ եւ քա­րոզիչ էր: Հօ­րը հետ նոյ­նացմամբ ան կ՚ու­զէր ըլ­լալ քա­րոզիչ, սա­կայն կը նա­խընտրէ քա­րոզել գրե­լով: Իր կարգ մը տի­պար­նե­րը կ՚իյ­նան բա­րոյա­գիտա­կան քա­րոզ­չութեան մէջ:

ԲԱ­ՑԱԿԱՅ ԵՒ ՆԵՐ­ԿԱՅ ՀԱՅ­ՐԸ

Նոյ­նիսկ այն պատ­րանքն ունի, թէ հայ­րը օրին մէ­կը ճամ­բա­յէ մը գա­լով պի­տի գտնէ զինք: Սա­կայն աւե­լի վերջ հիւ­մո­ւրով կ՚ըսէ, թէ իր հայ­րը պի­տի չվե­րադառ­նայ, որով­հե­տեւ ճամ­բա­ները շատ խճո­ղուած են: Իմ վեր­լուծումնե­րուս մէջ հայ­րը յա­ճախ կը ներ­կա­յաց­նեմ բա­ցակայ/ներ­կա­յու­թիւն գրա­կանու­թեան մէջ: Այլ խօս­քով, հօ­րը մա­հով կ՚ըն­կա­լուի Սա­րոյեանի գրա­կանու­թիւնը: Գրել, իրեն հա­մար, կը նշա­նակէ հօ­րը հետ ներ­քին ներ­խօ­սու­թեան մտնել: Գրե­լը առիթ կու տայ հե­ղինա­կին՝ վե­րապ­րեցնե­լու իր հայ­րը գրա­կանու­թեան մի­ջոցով: Այս պատ­ճա­ռով իր գրա­կանու­թիւնը կա­րելի է յատ­կանշել որ­պէս հօր փնտռտուք: Սա­րոյեանի խո­կումնե­րը կը հաս­նին մին­չեւ կէտ մը, որ մա­հուան գա­ղափա­րը կը վե­րածուի բնա­զան­ցա­կան (metaphysical) հար­ցադրու­մի եւ կը յան­գի գո­յու­թե­նական գա­ղափա­րաբա­նու­թեան: Այ­սուհան­դերձ կը մտա­ծէ թէ ինչպէ՛ս կա­րելի է ապ­րիլ մա­հուան գա­ղափա­րին հետ: Կ՚ընտրէ գրա­կանու­թեան արուես­տի ճիւ­ղը, ընտրու­թիւն մը, որ անջնջե­լի դրոշ­մը կը դնէ իր գրա­կան ար­տադրու­թեան վրայ: Ըստ գեր­մա­նացի փի­լիսո­փայ Մար­թին Հայ­տը­կըրին՝ մար­դու ամե­նամեծ մղձա­ւան­ջը մա­հուան գա­ղափարն է: Այս կ՚ըլ­լայ Սա­րոյեանի խո­րունկ գրա­կան աշ­խարհահա­յեաց­քը: Մա­հը ներ­կայ է իր գրու­թեան իւ­րա­քան­չիւր էջին մէջ: Իր հե­րոս­նե­րը կ՚եր­թան դէ­պի մահ, որ­պէս թէ անոնք դա­տապար­տուած նկա­րագրեր ըլ­լա­յին: Ըստ անոր, մար­դու մը ծնունդը իր մա­հուան դա­տապար­տութիւնն է:

ԻՒ­ՐԱ­ՔԱՆ­ՉԻՒՐ ՎԱՅՐԿԵԱՆ ԱՊ­ՐԻԼ ՈՐ­ՊԷՍ ՅԱ­ՒԻՏԵ­ՆԱԿԱ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆ

Քա­նի մարդ դա­տապար­տուած է մա­հուան, աշ­խարհէն իր անցքը կը հասկցուի իբր քա­ւարա­նի (purgatory) ան­ցում: Հա­կառակ գո­յու­թե­նական այս ող­բերգու­թեան, Սա­րոյեան կրքոտ ձե­ւով կը կա­պուի կեան­քին եւ սի­րոյն, ինչպէս պի­տի ըսէր Սե­նեքա (Seneca)՝ «Մարդ ամէն վայրկեան պէտք է ապ­րի որ­պէս յա­ւիտե­նակա­նու­թիւն»։

«ՆՅ» – Սա­րոյեանի գրա­կանու­թիւնը անդրա­դարձ է նաեւ Միացեալ Նա­հանգնե­րու գաղ­թա­կան հա­սարա­կու­թեան։ Սա­րոյեան գրո­ղը յա­տուկ ան­քակտե­լի կապ մը կը զգայ Պիթ­լի­սի հետ, ուրկէ հայ­րը գաղ­թած էր։

Յ.Փ. – Սա­րոյեան ծնած է Ֆրեզ­նո­յի մէջ 1908-ին: Ան անձնա­պէս չ՚ապ­րիր եղեռ­նը: Իր գլխա­ւոր օրի­նակը կը հան­դի­սանայ իր ըն­տա­նիքի Պիթ­լի­սէն գաղ­թը եւ Ամե­րիկա հաս­տա­տուի­լը, ինչպէս նաեւ գա­ղու­թին մէջ հաս­տա­տուած հայ գաղ­թա­կան­նե­րու պատ­մութիւննե­րը: Սա­րոյեանի գրա­կան հիմ­նա­կան առանցքը կը կազ­մէ կո­րուստը՝ նախ հօ­րը կո­րուստը եւ այս գա­ղափա­րին նոյ­նա­ցու­մը հայ­կա­կան մեծ աղէ­տին: Առա­ջին հա­մաշ­խարհա­յին պա­տերազ­մը կ՚ապ­րի որ­պէս թերթ ծա­խող պա­տանի մը: Թեր­թե­րու վեր­նագրե­րուն վրայ կը կար­դայ պա­տերազ­մի ահ­ռե­լիու­թիւնը: Երկրորդ հա­մաշ­խարհա­յին պա­տերազ­մին ան կը գտնուէր Անգլիա, պա­տերազ­մը իրեն հա­մար կը նշա­նակէ զանգուածային մա­հերու ող­բերգու­թիւն:

ՍԱ­ՐՈՅԵԱՆ ԻԲՐ ԺԱ­ՄԱՆԱ­ԿԱԿԻՑ ԳՐՈՂ

Սա­րոյեան մեծ ըն­թերցող մըն էր: Կ՚ազ­դուի Ուալթ Ուիթ­մա­նի բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րէն եւ Ռալֆ Իմ­րը­սի յօ­դուած­նե­րէն: Անոնք կը նկա­տուին անդրան­ցա­կան (transcendental) փի­լիսո­փայու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րը: Այս գա­ղափա­րաբա­նու­թեան հա­մաձայն բո­լոր ապ­րող արա­րած­նե­րը մաս կը կազ­մեն ստեղ­ծա­գոր­ծութեան: Ան­հա­տի են­թա­կայա­կան եսը ամ­բողջա­կան է ինքն իր մէջ, իւ­րա­քան­չիւր անձ իւ­րա­յատուկ է: Ինքնա­գիտա­կից եսը կը մարմնա­ւորէ երկրի մը հո­գին, բնա­կան կեան­քը եւ կեն­դա­նինե­րը: Կեան­քի հոս­քը կը մտնէ տիեզեր­քի վրայ ապ­րող բո­լոր արա­րած­նե­րուն մէջ: Սա­րոյեանի սկզբնա­կան պատ­մուածքնե­րը ընդհան­րա­պէս կը սկսին անդրան­ցա­կան խո­կումնե­րով եւ ապա պատ­մուած­քը կ՚առ­նէ իր ըն­թացքը: Այս մօ­տեցու­մը ազ­դե­ցու­թիւն կ՚ու­նե­նայ Սա­րոյեանի լե­զուի շա­րադա­սու­թեան վրայ: Օրի­նակ մը. «Մարդ աշ­խարհ չի գար ան­ծա­նօթէն։ Ան չի հաս­նիր որ­պէս ամ­բողջա­կան արա­րած։ Ան ու­նի աշ­խարհի տե­ւողու­թիւնը։ Այլ խօս­քով՝ ծնունդ կ՚առ­նէ ժա­մանա­կի մէջ եւ են­թա­կայ կ՚ըլ­լայ անոր վե­րիվայ­րումնե­րուն։ Ան­հա­տը իր ինքնու­թեամբ ամ­բողջու­թիւն մը կը կազ­մէ։ Ան վկան է բո­լոր ապ­րող էակ­նե­րուն եւ բո­լոր անոնց որոնք ար­դէն մա­հացած են»։

Սա­րոյեան ընդհան­րա­պէս կը գրէ առա­ջին դէմ­քով, որով­հե­տեւ այդ կու տայ ան­մի­ջակա­նու­թիւն մը գրուած թե­մային հետ: Եսը ըլ­լա­լով ենթական, իր մա­սին կը գրէ: Սա­կայն եսը կը գրէ նաեւ եր­րորդի մա­սին: Եսի են­թա­կայու­թիւնը գրո­ղական արար­քը կը հասցնէ գրա­կան մա­կար­դա­կի: Առա­ջին դէմ­քի գոր­ծա­ծու­թիւնը ու­նի էաբա­նական յատ­կութիւն: Եսեմ՝ կը գրեմ, հե­տեւա­բար կ՚ապ­րիմ: Եսի մտո­րումնե­րը կ՚են­թարկուին այ­լա­բանու­թիւննե­րու, մին­չեւ որ եսը «կոր­սուի» գրո­ղական արար­քի ըն­թացքին: Էու­թեան ըլ­լա­լու(է) իր ըն­կա­լու­մը Սա­րոյեանի գրա­կան աշ­խարհի հիմ­նա­քարն է:

Սա­րոյեան բա­ռին իս­կա­կան իմաս­տով կա­խար­դուած է գրո­ղական արար­քով (action writing), որով­հե­տեւ գրել եւ ապ­րիլ հո­մանիշ­ներ են իրեն հա­մար: Իր լե­զուն հո­սուն է եւ բնա­կան, այնպէս ինչպէս կը խօ­սուէր իր ըն­կե­րային շրջա­պատին մէջ: Օս­քար Ուայլտ կը գրէ, թէ մարդ հա­զուա­գիւ­տօ­րէն կ՚ար­տա­յայ­տուի իւ­րա­յատուկ ոճով: Ան կ՚առա­ջար­կէ դի­մակ մը դնել անոր դէմ­քին՝ ա՛ն ձե­զի պի­տի խօ­սի ճշմար­տութիւ­նը: Այդ շրջա­նին ամե­րիկեան գե­ղագի­տական ըմբռնու­մին մէջ հիմ­նա­կանը իւ­րա­յատուկ ան­հա­տական լե­զու մը ու­նե­նալն էր: Սա­րոյեանի գրա­կանու­թիւնը տո­գորուած է ու­ժա­կանու­թեամբ եւ ան­հա­տական դրոշ­մով: Սա­րոյեանի հա­մար մեծ կա­րեւո­րու­թիւն ու­նի պատ­մուած­քի մը ձե­ւը (form): Այն հար­ցումին, թէ ի՞նչ է գրա­կան այն ձե­ւը որ մաս­նա­ւորա­պէս կը յատ­կանշէ իր գրա­կանու­թիւնը, ան կը պա­տաս­խա­նէ «Ամե­նաճիշդ ձե­ւը ինքզինքս է»։ Պար­զա­պէս ան կ՚ու­զէ հասկցնել, թէ իր գրա­կան աշ­խա­տան­քը կը գտնուի ինքնա­կեն­սագրու­թեան եւ առար­կա­յական գրա­կանու­թեան սահ­մա­նին վրայ:

Անդրան­ցա­կանու­թեան հա­մաձայն, ժա­մանա­կը կ՚ըն­կա­լուի որ­պէս տիեզե­րական ներ­կայ ժա­մանակ եւ այս կ՚ըմբռնուի են­թա­կայա­կան եսի մի­ջոցաւ: Սա առիթ կու տայ մտնե­լու ժա­մանա­կի եւ մի­ջոցի կա­լուած­նե­րէն ներս: Սա­րոյեան կը գրէ՝ «Մեծ տիեզեր­քը ներ­կա­յու­թիւն մըն է, բա­նաս­տեղծը ինք ան­վերջ աշ­խարհն է, բա­նաս­տեղծու­թիւնը կը սկսի գրուիլ։ Նա­խապատ­ւութիւն կը տրուի էապէս բա­րի ըլ­լա­լու գա­ղափա­րին»։

Մար­դուն յա­րաբե­րու­թիւնը աշ­խարհի հետ կա­րեւոր տեղ կը գրա­ւէ այս մտա­ծողու­թեան մէջ, ինչպէս Սա­րոյեանի ար­տա­յայ­տութիւննե­րուն մէջ: Իր նկա­րագրե­րը յա­ճախ երկխօ­սական յա­րաբե­րու­թեան մէջ են աշ­խարհի հետ: «Անունս Արամ է» պատ­մուածքնե­րուն մէջ «Խենթ ու խե­լառ» հօ­րեղ­բայրնե­րը յա­ճախ կը ծաղ­րեն աշ­խարհի մեծ գա­ղափար­նե­րը: Արիս­տո­տելի հա­մար, են­թա­կայա­կանի եւ տիեզե­րակա­նի մի­ջեւ յա­րաբե­րու­թիւնը մտա­ծելու հա­ճելիու­թեան աղ­բիւր մըն է:

«ՆՅ» – Որ­քա­նո՞վ այժմէական է Սա­րոյեանի գրա­կանու­թիւնը։

Յ.Փ. – Սա ամե­նակա­րեւոր հար­ցադրումն է հե­ղինա­կի գոր­ծե­րուն ար­ժե­ւոր­ման: Քսա­ներորդ դա­րու սկիզ­բը գաղ­թա­կան­ներ կ՚անցնէին Էլիզ կղզիի ընդմէ­ջէն: Սա­րոյեան որ­պէս ամե­րիկեան փոք­րա­մաս­նութեան գրա­կանու­թեան ռահ­վի­րայ շատ գրած է անոնց մա­սին, տեղ­ւոյն ժո­ղովուրդին օտա­րը մեր­ժե­լու հար­ցե­րուն մա­սին: Այ­սօր սա­կայն գաղ­թա­կանու­թեան հար­ցը առած է ար­մա­տական նոր բնոյթ, դար­ձած է տիեզե­րական խնդիր: Արեւ­մուտքը վե­րածուած է զի­նուո­րակա­նօրէն պաշտպա­նուած բեր­դի: Այսպէս ըսած, չզար­գա­ցած եր­կիրնե­րու գաղ­թա­կան­նե­րը ամէն տե­սակ մի­ջոցի կը դի­մեն մտնե­լու արեւմտեան «դրախտ»: Ներ­կայ դա­րաշրջա­նին կա­ցու­թեան առ­ջեւ Սա­րոյեան պի­տի ըսէր. «Ճշմար­տութեան գա­ղափա­րը առած է այնչափ տար­բե­րակ­ներ, որ կորսնցու­ցած է իր իւ­րա­յատուկ իմաս­տը»։ Սա­րոյեան կը գրէ նաեւ՝ «Ժա­մանակ­նե­րու հրա­մայա­կանն է վե­րահաս­տա­տել մար­դոց հա­ւատ­քը ան­հա­տի իւ­րա­յատուկ ամ­բողջա­կանու­թեան մէջ»։ Եկած է ժա­մանա­կը որ արուես­տը դադ­րի ար­հա­մար­հա­կան կե­ցուածք ու­նե­նալէ քա­ղաքա­կանու­թեան հան­դէպ: Միաժա­մանակ դի­ւանա­գէտ­նե­րը պէտք է դաս­տիարա­կուին արուես­տի գա­ղափար­նե­րով: Անհրա­ժեշտ է մեծ արուես­տի մը ստեղ­ծումը որ կա­րենայ ըսել թէ աշ­խարհը ո՞ր ուղղու­թեամբ պէտք է ըն­թա­նայ:

«Իմ սիր­տը լեռ­նե­րում է» թա­տերա­խաղին մէջ, բա­նաս­տեղծ Պէն Ալեք­սանտրը, պար­բե­րակա­նի մը կող­մէ իր բա­նաս­տեղծումնե­րու մեր­ժումէն ետք, կը նստի տան սե­մին, կ՚ըսէ. «Շա­րու­նա­կեցէք սպանել մար­դի­կը, պա­տերազմ յայ­տա­րարե­ցէք իրա­րու դէմ, հա­ւաքե­ցէք հա­զարա­ւոր մար­դիկ եւ յօ­շոտե­ցէք զա­նոնք, իրենց սրտերն ու հո­գինե­րը, հրամ­ցուցէք անոնց տգե­ղու­թիւն, ապա­կանե­ցէք անոնց երազ­նե­րը»։ Թա­տերա­խաղի եր­կու գլխա­ւոր տի­պար­նե­րը՝ Պէն Ալեք­սանտր եւ Շէյքսփի­րեան մեծ դե­րասան Ժաս­փըր Եաբ Եզ­քոն Կրե­կոր յու­սա­խաբ են, որ ըն­կե­րու­թիւնը չի գնա­հատեր արուես­տը եւ բա­նաս­տեղծու­թիւնը: Բա­ցի պարզ ժո­ղովուրդէն որ դար­ձեալ կը պա­հան­ջէ որ Կրե­կոր նուագէ իր եղ­ջե­րափո­ղին վրայ: Թա­տերա­խաղի վեր­ջա­ւորու­թեան Ճո­նին հօ­րը կ՚ըսէ. «Չեմ ու­զեր անուններ յի­շել, սա­կայն տեղ մը, բան մը կայ որ սխալ է այս աշ­խարհին մէջ»։ Սա թա­տերագ­րի նա­խազ­գա­ցումն է Երկրորդ հա­մաշ­խարհա­յին պա­տերազ­մին:

«ՆՅ» – Սա­րոյեանի գրա­կանու­թեան մէջ ի յայտ կու գայ Կեան­քի փի­լիսո­փայու­թիւն մը՝ աշ­խարհն ու իրա­կանու­թիւնը ըն­կա­լելու, ինչպէս որ են. ող­բերգու­թիւննե­րը, ցա­ւերը, դժուարու­թիւննե­րը, խնդիր­նե­րը տա­նիլ համ­բե­րու­թեամբ, պար­զութեամբ, զա­նոնք յաղ­թա­հարե­լու կա­րողա­կանու­թեամբ, տրա­մադ­րութեամբ, զա­նոնք իբր փոր­ձա­ռու­թիւն ըն­կա­լելու։ Ինչպէ՞ս ձե­ւաւո­րուած է Սա­րոյեանի մէջ այս ըն­կա­լու­մը։

Յ.Փ. – Սա­րոյեանի սկզբնա­կան գրու­թիւննե­րէն մին­չեւ իր վեր­ջին հա­տոր­նե­րը ու­նին մարդկայ­նա­կան, տիեզե­րական աշ­խարհահա­յեացք: Երի­տասարդ գրո­ղը խօ­սելով իր գրու­թեան մա­սին կ՚ըսէ, թէ ինք կ՚աշ­խա­տի վե­րականգնել մար­դու բնա­կան ար­ժա­նապատ­ւութիւ­նը եւ անոր բնա­կան ազ­նուակա­նու­թիւնը: Կ՚ու­զէ մար­դը ազա­տագ­րել պատ­մութեան յա­ճախան­քէն եւ տա­նիլ զինք դէ­պի իր հան­դարտ հո­գիին երա­զը: Սա­րոյեան կ՚ու­զէ որ մար­դը իւ­րա­յատուկ ձե­ւով ըլ­լայ ինքզին­քը:

Մեր ժա­մանակ­նե­րու հրա­մայա­կանն է որ ժո­ղովուրդը հա­ւատայ ան­հա­տի մը են­թա­կայա­կանու­թեան ամ­բողջա­կանու­թեան վե­րած­նունդին: Գրո­ղին նպա­տակն է մար­դը դարձնել ինքնա­գիտա­կից իր ապ­րած ժա­մանա­կի հար­ցադրումնե­րուն: Կը մեր­ժէ ամե­րիկեան ըն­կե­րու­թիւնը ար­ժե­ւորել հա­մաձայն Wall-Street-ի նիւ­թա­պաշտ չա­փանի­շերուն: Գրո­ղին բաղ­ձանքն է հա­ւասա­րակշռու­թիւն բե­րել մարդկա­յին տար­բեր երե­ւոյթնե­րու մի­ջեւ: Սա­րոյեան հեգ­նա­կան կե­ցուածք ու­նէր ձա­խերու յե­ղափո­խական գա­ղափա­րին դէմ, որ կարգ մը երազ­կոտներ կ՚երա­զէին դրախ­տը հաս­տա­տել երկրի վրայ: Սա­կայն ան միշտ կողմնա­կից էր փո­փոխու­թեան գա­ղափա­րին: Կը հա­ւատար որ նախ են­թա­կան պէտք է փո­խուի եւ աւե­լի վերջ բե­րէ ըն­կե­րային փո­փոխու­թիւն: Այլ խօս­քով, բա­րելա­ւել աշ­խարհը եւ մար­դու բնու­թիւնը:

Փո­փոխու­թեան հար­ցադրու­մը միշտ ալ ներ­կայ եղած է Սա­րոյեանի գրա­կանու­թեան մէջ: Սա­կայն 1964 թուակա­նին ինքնաքննա­դատա­կան ակ­նարկ մը կը նե­տէ ան­ցեալի իր կե­ցուածքնե­րուն վրայ: Ինք կը մտա­ծէր, թէ գրա­կանու­թեան մի­ջոցաւ պի­տի կա­րողա­նար բա­րելա­ւել մար­դուն բնու­թիւնը: Կ՚ու­զէր որ իր գրո­ղական արար­քին ու­ժա­կանու­թիւնը նպաս­տէ մար­դուն բա­րելաւ­ման: Կը ձգտէր արա­գօրէն խո­րունկ հո­գեկան եւ բա­րոյա­կան փո­փոխու­թիւններ յա­ռաջաց­նել մարդկա­յին կա­ցու­թեան: Կը հա­ւատար որ գրա­կանու­թիւնը մեծ եւ կա­րեւոր դեր պի­տի խա­ղար մար­դուն գի­տակ­ցա­կան ընդլայնման մէջ: Կ՚եզ­րա­կաց­նէ՝ տա­կաւին կը հա­ւատայ այս յղացքնե­րուն, սա­կայն այս հար­ցե­րը այ­լեւս չեն հե­տաքրքրեր զին­քը: Սա­րոյեան ոչ առա­ջին եւ ոչ ալ վեր­ջին գրո­ղը պի­տի ըլ­լայ, որ ու­նե­նայ նման յու­սա­խաբու­թիւն:

«ՆՅ» – Գաղ­թա­կան ըն­տա­նիքի զա­ւակը ինչպէ՞ս կ՚ըն­դունուի ամե­րիկեան գրա­կան ըն­կե­րու­թե­նէն ներս։

Յ.Փ. – Սա­րոյեանի անձնա­կան փոր­ձա­ռու­թիւննե­րը կրնան օրի­նակ ծա­ռայել գրո­ղի ձգտումներ ու­նե­ցող ոեւէ ան­ձի: Հա­կառակ բո­լոր դժուարու­թիւննե­րուն, որոնց դէմ յան­դի­ման կը գտնուի, կը շա­րու­նա­կէ վճռա­կանօ­րէն իր ճամ­բան գի­րի եւ գրա­կանու­թեան մէջ: Իր մուտքը ամե­րիկեան գրա­կանու­թեան մէջ կը նմա­նի առաս­պե­լական պատ­մութեան: Գրա­կան սկզբնա­կան փոր­ձե­րէն յե­տոյ՝ 1933 Դեկ­տեմբե­րին, մէկ ամ­սուան ըն­թացքին ամէն օր կը գրէ մէկ կամ երկու պատ­մուածք եւ կ՚ու­ղարկէ գրա­կան պար­բե­րաթեր­թե­րուն: Վեր­ջա­պէս «Story» պար­բե­րաթեր­թը կ՚ըն­դունի «Յան­դուգն երի­տասար­դը մար­զա­ձողին վրայ» պատ­մուած­քը: Քա­նի մը ամիս ետք կը հրա­տարա­կուի նոյ­նա­նուն գիր­քի հա­տորը քսան­վեց պատ­մուածքնե­րով եւ ան­մի­ջապէս կը դառ­նայ Best seller: Սա­րոյեանի այս պատ­մուածքնե­րը գլուխգոր­ծոցներ են հա­մահա­ւասար Ճոյ­սի “The Portrait of the Artist as a Young Man”-ին, որ­մէ ազ­դուած էր նաեւ Սա­րոյեան:

«ՆՅ» – Սա­րոյեանի գրա­կանու­թիւնը բազ­մա­զան է եւ հսկա­յածա­ւալ, որուն ամ­բողջա­կան պատ­կե­րը չու­նինք, որով­հե­տեւ իր մա­հէն կէս դար ետք, տա­կաւին իր գոր­ծե­րը ամ­բողջո­վին հա­սանե­լի չեն. ու­նի բազմաթիւ չհրա­տարա­կուած ձե­ռագ­րեր։ Ինչպէ՞ս կ՚ըն­կա­լէք Սա­րոյեանի գրա­կանու­թիւնը։

Յ.Փ. – Սա­րոյեանի գրա­կան աշ­խարհահա­յեաց­քի ձե­ւաւոր­ման մէջ մեծ դեր կ՚ու­նե­նան կարգ մը կա­րեւոր ազ­դակներ. 20-րդ դա­րու սկիզ­բը տե­ղի կ՚ու­նե­նան ար­մա­տական փո­փոխու­թիւններ: Ըն­կե­րային մա­կար­դա­կի վրայ, քի­միական ար­տադրու­թիւննե­րու զար­գա­ցումնե­րը կ՚օժան­դա­կեն ինքնա­շարժնե­րու եւ օդա­նաւե­րու հնար­քին: Ելեկտրա­կանու­թեան գիւ­տը առիթ կու տայ ձայ­նասփիւ­ռի եւ շար­ժա­պատ­կե­րի հնար­քին: Կը սկսին զանգուածային ար­տադրու­թեան կա­րելիու­թիւննե­րը: Կը սկսին թեր­թե­րու պար­բե­րական­նե­րու հրա­տարա­կու­թիւննե­րը եւ անոնց արագ առա­քու­մը: Նոյն շրջա­նին Այնշթայն կը գտնէ յա­րաբե­րակա­նու­թեան տե­սու­թիւնը, որ ար­մա­տակա­նօրէն կը փո­խէ մի­ջոցի եւ ժա­մանա­կի փոխ­յա­րաբե­րու­թիւնն ու հաս­կա­ցու­թիւնը: Այս հնար­քը կը նպաս­տէ մարդկա­յին ու­ժա­կանու­թեան ըն­դարձակ­ման: Ասոնք ներ­կայ են նաեւ Սա­րոյեանի երի­տասար­դա­կան գրա­կան ար­տադրու­թեան մէջ: Առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով մար­դը կամ գրո­ղը աշ­խարհը կ՚ըն­կա­լէ որ­պէս մէկ ամ­բողջու­թիւն: Այս ար­մա­տական հնարքնե­րը անդրա­դարձ կ՚ու­նե­նան ըն­կե­րային թէ գրա­կան մա­կար­դակնե­րու վրայ:

Ճար­տա­րարուես­տա­կան յե­ղափո­խու­թիւնը, որ տե­ղի ու­նե­ցած էր 19-րդ դա­րուն, անոր զու­գա­հեռ սկսած էր աշ­խա­տան­քի մե­քենա­յակա­նու­թիւնը: «Մարդկա­յին կա­տակեր­գութիւն» վէ­պին մէջ, ծեր Կրո­կըն կը գան­գա­տի որ աշ­խա­տան­քի մե­քենա­յակա­նացու­մը գործազրկու­թեան կը մատ­նէ աշ­խա­տաւոր­նե­րը: Երի­տասարդ Սա­րոյեան կ՚ընդվզի նման երե­ւոյթնե­րու դէմ: Ան կը մեր­ժէ քա­ղաքակրթու­թեան նեղ գա­ղափա­րը՝ ինչպէ՞ս կա­րելի է օրէնք, կա­նոն ստեղ­ծել սան­ձե­լու հա­մար այս զար­մա­նահ­րաշ ստեղ­ծա­գոր­ծութիւ­նը որ մարդն է: Ան կը մեր­ժէ բա­նաս­տեղծու­թեան, վէ­պի կամ պատ­մուած­քի սահ­մա­նումնե­րը. իրեն հա­մար մարդն է էական եւ գրո­ղական արար­քը: Սա­րոյեանի գրա­կանու­թիւնը ցոյց կու տայ ժա­մանա­կին ընդմէ­ջէն եղած ար­մա­տական փո­փոխու­թիւննե­րը եւ անոնց զու­գա­հեռ կ՚ըն­թա­նան մար­դուն հո­գեբա­նու­թեան եւ աշ­խարհահա­յեաց­քին փո­փո­խու­թիւննե­րը:

Քսա­նական թուական­նե­րուն ամե­րիկեան ըն­կե­րու­թեան քա­ղաքա­կան տես­լա­կանը եւ տնտե­սական ծրա­գրե­րը կը խօ­սէին նոր դա­րաշրջա­նի մա­սին որ պի­տի յաղ­թա­հարէր աղ­քա­տու­թիւնը: Բա­ւական էր քիչ մը դրամ խնա­յել եւ շա­հար­կութեան դնել ար­ժե­թուղթի (stock, exchange) շու­կա­յի վրայ: Սա­կայն այսպէս կո­չուած ամե­րիկեան երա­զը վերջ կը գտնէ 1929-ի (Սեւ Ուրբաթ) դրա­մատ­նա­յին տագ­նա­պին, որ յառաջ կը բե­րէ ամե­րիկեան տնտե­սու­թեան ամ­բողջա­կան փլու­զում: Այդ շրջա­նի պատ­կերնե­րը սար­սա­փելի են: Մար­դիկ աղ­բա­ման­նե­րու մէջ ու­տե­լիք կը փնտռեն: Եր­կար շար­քե­րու վրայ կը սպա­սեն պնակ մը ապուր ու­նե­նալու համար: Ու­րիշներ մանր յան­ցա­գոր­ծութիւններ կ՚ընեն բան­տարկուելու եւ անվճար ճաշ ու­տե­լու հա­մար: Այս ծանր պայ­մաննե­րուն մէջ, ձա­խակող­մեան­նե­րը տագ­նա­պին միակ լու­ծումը կը գտնեն ընկերվար կամ հա­մայ­նա­վար ըն­կե­րու­թիւն մը ստեղ­ծե­լով: Այս կա­ցու­թիւնը դուռ կը բա­նայ նաեւ յե­ղափո­խական պրո­լետա­րական գրա­կանու­թեան: Կարգ մը քննա­դատ­ներ կը խոր­հին որ Սա­րոյեան ան­տարբեր էր ըն­կե­րային այս տագ­նա­պին: Անոնք բա­ցար­ձա­կապէս կը սխա­լին: Որ­պէս նա­խապայ­ման անոնք նկա­տի չեն ու­նե­նար թէ Սա­րոյեանի գրա­կան ըմբռնու­մը կը մեր­ժէ ձգտումնա­ւոր գրա­կանու­թեան գա­ղափա­րը: Անոնք աննկատ կը թո­ղուն Սա­րոյեանի պատ­մուածքնե­րը, որոնք ցոյց կու տան ամե­րիկեան դրա­մատի­րական նիւ­թա­պաշ­տութիւ­նը:

«Հար­րի» պատ­մուած­քին մէջ Սա­րոյեան ճար­տա­րու­թեամբ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս երի­տասարդ հե­րոսի մը լե­զուա­կան կա­ռոյ­ցը կը դառ­նայ հիմ­նա­կանօ­րէն առու­տուրի բա­ռագի­տու­թեան շուրջ, այնպէս որ շու­կա­յի վե­րիվայ­րումնե­րը եւ օրէնքնե­րը շա­հելու մի­ջոց­ներ գաղտնիք չու­նին իրեն հա­մար:

«Խա­ղող­ներ» պատ­մուած­քը խիստ յատ­կանշա­կան է, ցոյց տա­լու ժա­մանա­կի տնտե­սական տագ­նա­պը: Փոքր երկրա­գոր­ծա­կան գիւ­ղի մը մէջ երի­տասարդ տնտե­սագէտ մը կը հիմ­նէ երկրա­գոր­ծա­կան ըն­կե­րակ­ցութիւն մը: Նախ կ՚առա­ջար­կէ որ պէտք է ծա­նու­ցումներ ընել, պէտք է փո­խել ամե­րիկա­ցինե­րու սննդա­կան սո­վորու­թիւննե­րը խա­ղող ու­տե­լու անհրա­ժեշ­տութեան շուրջ: Սկզբնա­կան շրջա­նին խա­ղող­նե­րու գի­նը կը բարձրա­նայ: Ասոր կը յա­ջոր­դէ պա­հանջքին նուազու­մը եւ ըն­կե­րու­թիւնը կը սնան­կա­նայ: Սա­րոյեան կ՚եզ­րա­կաց­նէ թէ խա­ղողը կը դադ­րի իր բնա­կան հա­մը ու­նե­նալէն, կը վե­րածուի առեւտրա­կան ար­ժե­չափի: Պէտք է ըսել որ այդ շրջա­նին կա­յին պրո­լետա­րական գրու­թեան հե­րոս­ներ, որոնց անուննե­րը բա­ցար­ձա­կապէս մոռ­ցուած են այ­սօր:

Սա­րոյեանի մեր­ժումը ժա­մանա­կի գա­ղափա­րախօ­սու­թիւննե­րուն կը ձգտէր պահ­պա­նել իր անձնա­կան եսա­կեդ­րո­նու­թիւնը որ մաս կը կազ­մէ թէ՛ իր անձնա­կան կեան­քին, եւ թէ՛ իր արուես­տին: Սա­րոյեան հե­տաքրքրուած էր մար­դու առանձնու­թեան ող­բերգու­թեամբ: Ան կը մեր­ժէր իր գրա­կանու­թիւնը յատ­կացնել յե­ղափո­խական ար­ձա­կի, այլ խօս­քով կը մեր­ժէր ար­տա­քին գա­ղափա­րական ազ­դե­ցու­թիւնը գրա­կանու­թեան վրայ: Ան պէտք էր ըլ­լար ազատ իր են­թա­կայա­կան եսով: Հա­կառակ անոր որ ան կը մեր­ժէ հա­ւաքա­կան լու­ծումներ, կը գրէ ոճով մը, ուր ըն­կե­րային տագ­նապնե­րը կը ցո­լանան իր տի­պար­նե­րու ապ­րե­լաձե­ւին մէջ: Ըն­թերցող­նե­րը կ՚ազ­դուին անոր գրա­կան ան­հա­տակա­նու­թեամբ, ինչպէս նաեւ քա­ղաքա­կան եւ ըն­կե­րային դի­տար­կումնե­րով:

Սա­րոյեանի հե­տեւեալ պար­բե­րու­թիւնը կը ցո­լաց­նէ ժա­մանա­կի տագ­նա­պը. «Ամե­րիկան ամօ­թաբար ին­կած է ամե­նացած մա­կար­դա­կի։ Wall-Street-ը, ամե­րիկեան դրա­մատի­րու­թեան գլխա­ւոր կեդ­րո­նը, կը նա­խատե­սէ այս երկրին մօ­տալուտ փլու­զումը։ Հա­ղոր­դակցու­թեան կեդ­րո­նական գրա­սենեակ­նե­րը ան­դա­դար կա­պի մէջ են, այնպէս որ ճար­տա­րարուես­տը եւ վա­ճառա­կանու­թիւնը կը ներ­կա­յաց­նեն երկրին հիմ­նա­կան ար­ժէքնե­րը»։

Ան մար­դը կը սահ­մա­նէ որ­պէս մա­հուան դա­տապար­տուած ող­բերգա­կան էակ մը:

«ՆՅ» – Սա­րոյեան ժա­մանա­կագ­րած է իր գրու­թիւննե­րը։ Ինչպէ՞ս կը սահ­մա­նէք ժա­մանա­կի ըն­կա­լու­մը Սա­րոյեանի մօտ։

Յ.Փ. – Ժա­մանա­կի ըմբռնու­մը: Սա­րոյեան խո­րապէս հե­տաքրքրուած էր գրու­թեան եւ ժա­մանա­կի յա­րաբե­րու­թեամբ: Տիեզե­րական ժա­մանա­կը եւ գրո­ղական արար­քի ժա­մանա­կի անցքը նոյ­նը չեն: Ներ­կայ ժա­մանա­կը ան­ցո­ղական է, այդ ան­մի­ջապէս կը վե­րածուի ան­ցեալի եւ կ՚եր­թայ դէ­պի ան­հունու­թիւն: Ապա­գայ ժա­մանա­կը ներ­կայ չէ, կը հաս­նի ներ­կայ ժա­մանա­կ եւ կ՚եր­թայ դէ­պի ան­ցեալ: Ան­մի­ջապէս որ գործ մը աւար­տէր, կը նօ­թագ­րէր՝ ե՛րբ սկսաւ գրել եւ ե՛րբ վեր­ջա­ցուց:

Սա­րոյեան ծանօթ է որ­պէս ար­մա­տական խա­ղաղա­սէր: Կարգ մը քննա­դատ­ներ անոր գրա­կանու­թիւնը կ՚որա­կեն խա­ղաղու­թիւն եւ սէր (peace and love) եւ կը տե­ղադ­րեն այդ պի­տակին տակ: Ան կը ներ­կա­յացուի որ­պէս ըմ­բոստ հա­կահաս­տա­տու­թիւն (anti establishment) գրող: Այս առնչու­թեամբ հե­տաքրքրա­կան է «Թրէ­սիի Վագ­րը» (Tracy’s tiger) վի­պակը: Հե­ղինա­կը կը նկա­րագ­րէ երի­տասարդ Թո­մը, որ օրին մէ­կը վագ­րը առած կը պտտի Նիւ Եոր­քի Սուրբ Փաթ­րիք եկե­ղեցիին հրա­պարա­կը: Հա­ւատա­ցեալ­նե­րը կը փախ­չին, ոս­տի­կան­նե­րը կ՚ընդմի­ջեն եւ կը փո­խադ­րեն զինք հո­գեբա­նական հի­ւան­դա­նոց: Հո­գեբոյժ բժիշ­կը վեր­լուծե­լէ ետք կը յայ­տա­րարէ թէ այս երի­տասար­դը նոր­մալ է: Երկրորդ հո­գեբոյ­ժը կ՚ըսէ թէ ան լուսնոտ է: Տե­ղի կ՚ու­նե­նայ լրա­տուա­կան գոր­ծա­կալու­թեանց մրցակ­ցութիւն: Սա­րոյեան այս վի­պակով ցոյց կու տայ, թէ որ­քան քա­րացած եւ նեղ­միտ է ար­դի ըն­կե­րու­թիւնը:

«ՆՅ» – Սա­րոյեան ինքզինք հայ գրող կը հա­մարէ, թէեւ հա­յերէն լե­զուով չէ գրած։ Հայ­կա­կանու­թիւնը տե­ւապէս ներ­կայ է իր մէջ։ Ինչպէ՞ս կը վեր­լուծէք այս երե­ւոյ­թը։

Յ.Փ. – Ուի­լիըմ Սա­րոյեան խո­րապէս սփիւռքա­հայ գրող է: Պատ­կա­նելիու­թեան հար­ցը յա­ճախ ներ­կայ է իր առա­ջին գրու­թիւննե­րէն մին­չեւ վեր­ջի­նը: Արամ Սա­րոյեան կ՚ըսէ թէ իր հայ­րը կը ձգէ իր յատ­կանշա­կան պե­խերը, երբ ան աւե­լի կը հա­կի դէ­պի իր հայ­կա­կան ինքնու­թիւնը:

«Պիթ­լիս» թա­տերա­խաղի տի­պար­նե­րէն մէ­կը կ՚ըսէ. «Մենք պէտք չու­նինք ման­կանման սպա­սու­մի, աշ­խարհագ­րա­կան հայ­րե­նիք մը վա­յելե­լու հա­մար»։ «Հայն ու աշ­խարհը» յօ­դուա­ծին մէջ կը գրէ՝ «Եթէ մենք զրկուինք մեր բնաշ­խարհէն, աշ­խարհը կը դառ­նայ մեր հայ­րե­նիքը։ Եթէ մենք զրկուինք մեր կա­ռավա­րու­թե­նէն, հայ­կա­կան հո­գին կը դառ­նայ մեր կա­ռավա­րու­թիւնը»։ Սա­րոյեանի տի­պար­նե­րը տիեզե­րական աշ­խարհահա­յեացք ու­նին:

«Հա­յաս­տա­նի Անդրա­նիկը» պատ­մուած­քին մէջ, գրո­ղը յու­սա­հատ իր ժո­ղովուրդի ող­բերգու­թիւննե­րէն, կը մեր­ժէ քա­ղաքա­կան խա­ղերը եւ աշ­խարհը: Այդ պա­հուն ան կը մեր­ժէ իր հայ­կա­կան ինքնու­թիւնը, քիչ յե­տոյ կը վե­րադառ­նայ եւ կ՚ըսէ, որ ինք թէ՛ հայ է եւ թէ՛ ամե­րիկա­ցի եւ թէ՛ անոնցմէ ո՛չ մէ­կը, այլ խօս­քով, թէ առաջ­նա­հեր­թօ­րէն ան գրող է։ Չա­րեն­ցի հետ հան­դի­պու­մին կ՚առա­ջար­կէ անոր, որ Ամե­րիկա գայ: Չա­րենց կը պա­տաս­խա­նէ՝ «Ես հոս եմ, դուն հոն (Ամե­րիկա) եւ ու­րիշ մը ու­րիշ տեղ է, եւ թող այդպէս ըլ­լայ»։

«ՆՅ» – Ձեր ու­սումնա­սիրու­թեան առա­ջին հա­տորին մէջ, կ՚ակ­նարկէք Սա­րոյեանի գրա­կանու­թեան «քնա­նալարթննալ» զու­գընթաց երե­ւոյ­թին։ Ի՞նչ նպա­տակ կը հե­տապնդէ այս հաստատու­մը։

Յ.Փ. – Սա­րոյեանի «Յան­դուգն երի­տասար­դը մար­զա­ձողին վրայ» պատ­մուած­քի ըն­թերցու­մէն ետք հար­ցադրե­ցի, թէ ին­չո՞ւ հե­ղինա­կը իր գրու­թիւնը բաժ­նած է եր­կու պար­բե­րու­թիւննե­րու: Առա­ջինը խո­րագ­րած է «Քնա­նալ» եւ երկրոր­դը «Արթննալ»: Առա­ջին հա­տուա­ծը շփոթ կը ստեղ­ծէ իմաս­տա­յին առու­մով, որով­հե­տեւ պատ­ճէ­նը գրուած է, լոկ, առան­ձին բա­ռերով եւ շատ կարճ նա­խադա­սու­թիւննե­րով: Այլ խօս­քով նա­խադա­սու­թիւննե­րը իրարու հետ տրա­մաբա­նական կա­պակ­ցութիւն չու­նին: Իսկ երկրորդ մա­սը՝ «Արթննալ» գրուած է ամ­բողջա­կան նա­խադա­սու­թիւննե­րով եւ յստակ նշա­նակու­թեամբ: Մեկ­նա­բանու­թիւնը կ՚ընդգրկէ վար­կա­ծը, թէ «Յան­դուգն երի­տասար­դը» քնա­ցած է եւ կ՚երա­զէ: Հոն գրուած իւ­րա­քան­չիւր բառ իր իմաս­տով բա­ղադ­րիչ մասն է իր երա­զին, թե­մաներ որոնց մա­սին ան ար­դէն մտա­ծած է եւ դար­ձեալ կը վե­րայայտնուին երա­զին մէջ: Թա­փան­ցե­լու համար բա­ռերու ետին պա­հուած նշա­նակու­թեան՝ անհրա­ժեշտ էր վեր­լուծել իւ­րա­քան­չիւր բառ հե­ղինա­կին գրա­կան նշան­նե­րուն ծի­րէն ներս: Վեր­լուծա­կան գոր­ծընթա­ցի այս պա­հուն ու­նէի ֆրան­սա­ցի գրաքննա­դատ Ռո­լան Պար­թի հե­տեւեալ ու­ղե­ցոյ­ցը. «Ինչ որ նօ­թագ­րուած է՝ յիշարժան է» (tout ce qui est noté est notable):

Բա­ռերուն եւ նա­խադա­սու­թիւննե­րուն փոխյա­րաբե­րու­թիւննե­րը կը ներ­կա­յաց­նեն երա­զին խոր­քը: Անոնք կը վե­րաբե­րին ան­ցեալի եւ այժ­մէակա­նու­թեան կա­պին շնոր­հիւ քա­ղաք­նե­րու ժա­մանա­կագ­րա­կան պատ­կա­նելիու­թեան: Հոն կը յի­շուին՝ Երու­սա­ղէմը, Հռո­մը, Բա­բելո­նը, Էյ­ֆէ­լի աշ­տա­րակը եւ Փա­րիզի փո­ղոց­նե­րը: Կը յի­շուին գրող­ներ՝ Թ. Ս. Էլիոթը, Կի տը Մո­փասա­նը: Հա­տուա­ծին մէջ գրուած է «Ճատ­րա­կի խաղ մը»: Հե­տազօ­տու­թիւննե­րը ցոյց տուին, թէ սա խո­րագիրն է Էլիոթի բա­նաս­տեղծու­թեան, որ կը վե­րաբե­րի սի­րոյ ձա­խողու­թեան եւ մա­հուան, զոր երի­տասարդ գրո­ղը ան­պայման կար­դա­ցած ըլլալու էր: «Քնա­նալ» պար­բե­րու­թիւնը կը վեր­ջա­նայ. «Օ՜, արա­գըն­թաց կեան­քի այս պա­հը վեր­ջա­ցած է, աշ­խարհը դի­մացս է»։

«Յան­դուգն երի­տասար­դը» արթնցած է, կը կե­նայ հա­յելիին դի­մաց եւ կը խո­կայ. «Միայն քնա­նալու պա­հուն կը գի­տակ­ցինք, թէ կ՚ապ­րինք եւ այն ատեն կ՚անդրա­դառ­նանք մենք զմեզ որ­պէս ապ­րողմա­հացու էակ եւ կը յան­գինք մեր իս­կա­կան էու­թեան»։ Անօթեցած երի­տասարդ գրո­ղը կ՚իջ­նէ փո­ղոց եւ կը քա­լէ ան­տարբեր: Կը խոր­հի, թէ ջու­րը եւ ար­ձա­կը (որ­պէս՝ գրա­կանու­թիւն) լաւ են, սա­կայն չեն լեց­ներ պա­րապ ստա­մոք­սը: Կ՚եր­թայ «Գործազուրկնե­րու սպա­սար­կութեան» գրա­սենեակ: Տի­կին պաշ­տօ­նեան կը հարցնէ. «Ի՞նչ կրնաք ընել»։ Երի­տասար­դը միամ­տա­բար կը պա­տաս­խա­նէ, թէ կրնայ գրել, թէ ինք գրող է: Պաշ­տօ­նեան կ՚ըսէ. «Մենք ու­նինք ձեր հաս­ցէն, անհրա­ժեշտ պա­րագա­յին կապ կը հաս­տա­տենք ձե­զի հետ»։

«Յան­դուգն երի­տասար­դը» անօթեցած էր, սա­կայն կը մտա­ծէր գիր­քե­րու ան­վերջ ցան­կին մա­սին, որ կ՚ու­զէր կար­դալ: Կ՚եր­թայ հան­րա­յին գրա­դարան եւ մէկ ժամ կը կար­դայ «Բրուստ»: Մեռ­նե­լէ առաջ կ՚ու­զէ ան­գամ մը եւս կար­դալ Համ­լէ­թը եւ Մարք Թուէյ­նի «Հագլպէր­րի Ֆինն» վէ­պը: Այս պա­հուն կը մտա­ծէ նա­մակ մը գրել եւ ապ­րե­լու խնդրանք ներ­կա­յաց­նել: Հոն տե­ղի կ՚ու­նե­նայ «Յան­դուգն երի­տասարդ»-ի ան­ցումը դէ­պի Աս­տուած կամ ոչնչու­թիւն: Կէ­սօրէ ետք կը վե­րադառ­նայ իր սե­նեակը, սուրճ մը կը պատ­րաստէ, չորս կողմ կը նա­յի: Ոչ մէկ պատ­կա­նելիու­թիւն ու­նի: Ծա­խած էր իր ժա­մացոյ­ցը (կամ իր կեան­քին ժա­մանա­կը կորսնցու­ցած): Ծա­խած էր գիր­քե­րը ութսուն հինգ սէն­թի: Կը բար­կա­նայ որ յար­գանք չէ մնա­ցած գրո­ղին եւ գիր գրա­կանու­թեան հան­դէպ: Երի­տասարդ «Թրա­փեզի­ստը» իրեն յա­տուկ շնոր­հա­լի շար­ժումով կը հե­ռանայ իր մար­մի­նէն: Դէմ­քը կը դարձնէ դէ­պի ան­հուն եր­կինքը, կը տես­նէ իր դի­մացը տա­րածուած ան­հուն տպագ­րուած էջեր: Այս տե­սարա­նը կը նշա­նակէ իրեն, թէ իր էու­թիւնը գի­րի եւ գրա­կանու­թեան մէջ է: Որո­շու­մը կայացուած է. ինք անե­րակ է, ողջառողջ եւ կա­տարե­լապէս ամ­բողջա­կան: Ապա­գայ ըն­թերցումնե­րը ցոյց պի­տի տան, թէ քնա­նալարթննալ երե­ւոյթնե­րը յա­ճախ ներ­կայ են Սա­րոյեանի գրա­կանու­թեան մէջ: Սա­կայն ին­չո՞ւ այս երե­ւոյ­թը մեծ տա­րողու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ հե­ղինա­կին գրա­կանու­թեան մէջ:

«Յի­շողու­թեան անիւ­նե­րը» իւ­րա­յատուկ ար­ձակ բա­նաս­տեղծու­թիւն մըն է: Հոն կը նկա­րագ­րուին ամ­բողջ ըն­տա­նիքին ան­դամնե­րը սայ­լի մը վրայ, կը փո­խադ­րուին նոր տուն մը, Սան­կըր քա­ղաքէն Ֆրէզ­նօ: Այդ ժա­մանակ հե­ղինա­կը եր­կու տա­րեկան էր, իր հօ­րը մա­հէն եր­կու տա­րի առաջ: Այս պատ­կերնե­րը կը յի­շէ մէջ ընդ մէջ, քնա­նալու եւ արթննա­լու պա­հերուն մի­ջոցին: Սա­կայն երբ կ՚արթննայ, ժա­մանակ­նե­րը փո­խուած կը գտնէ, իր հայ­րը ար­դէն մա­հացած է եւ ինք ողջ է, կ՚ապ­րի: Այս նիւ­թին շուրջ Սա­րոյեան յա­ճախ գրած է պար­զա­պէս ըն­կա­լելու հօ­րը պատ­կե­րը: Այս առնչու­թեամբ ան կը գրէ. «Մար­դուն յի­շողու­թիւնը իր իս­կա­կան սկիզբն է, իր ստոյգ ծնունդը»։

Նման ըն­կա­լուած ժա­մանակ մը շա­րու­նա­կական կեն­սա­կան կա­րեւո­րու­թիւն ու­նի ան­հա­տին հա­մար, մին­չեւ այն կէ­տը, ուր ան կը վեր­յի­շէ եւ կ՚իմաս­տա­ւորէ այդ բա­ցառիկ պա­հը։ Այս երեւոյթին յաճախակի կրկնութեամբ կը յստականայ գոյութենական պահը յատկանշուած՝ հօրը անհետ կորուստին, իր մտածողութեան մէջ:

Սա­րոյեան իր գրու­թիւննե­րուն մէջ յա­ճախ կը ստեղ­ծէ անսպա­սե­լի առնչու­թիւններ իր մտա­յին յղացքնե­րուն մի­ջեւ: Օրի­նակ վէ­պի իր սահ­մա­նու­մին մէջ կը գրէ. «Սա­պէս բան մը կայ, որ կը կո­չուի ար­թուն ըլ­լալ եւ գի­տակից իր իսկ արթնու­թեան»։ Վէ­պը հա­ւաքա­ծոյ մըն է պատ­մուածքնե­րու, շարք մը մար­դոց արթնու­թեան շուրջ, մէկ մար­դու արթնու­թեան ընդմէ­ջէն:

«Յան­դուգն երի­տասար­դը մար­զա­ձողին վրայ»-ն կա­րելի է նկա­տել Սա­րոյեանի գրա­կան մա­նիֆես­տը: Այս պատ­մուած­քին մէջ կան հե­ղինա­կին բո­լոր գրա­կան նշան­նե­րը եւ թե­մանե­րը, զորս ան պի­տի զար­գացնէ իր ապա­գայ ինքնա­կեն­սագրու­թիւննե­րուն, պատ­մուածքնե­րուն, վէ­պերուն եւ թա­տերա­խաղե­րուն մէջ: Իսկ նոյ­նա­նուն գիր­քին պատ­մուածքնե­րու ժո­ղովա­ծուն կը նշա­նագ­րէ Սա­րոյեանի մուտքը ամե­րիկեան գրա­կանու­թե­նէն ներս:

Հարցազրոյցը վարեց՝

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Ստո­րեւ ոչամ­բողջա­կան ցան­կ մը Սա­րոյեանի հա­յերէ­նի թարգմա­նուած գոր­ծե­րուն.

«Ուի­լիըմ Սա­րոյեանհայն ու աշ­խարհը» — կարճ պատ­մուածքնե­րու ժո­ղովա­ծու, հրա­տարա­կու­թեամբ Մագ­սուտ Մագ­սուտեանի, Ան­թի­լիասԼի­բանան 1949

«Յան­դուգն երի­տասար­դը մար­զա­ձողին վրայ»

«Մարդկա­յին կա­տակեր­գութիւն» — Ան­տա­րես հրա­տարա­կչու­թիւն, Երե­ւան, 2020

«Անունս Արամ է» — Ան­տա­րես հրա­տարակ­չութիւն, Երե­ւան, 2021

«Ռոք Վագ­րամ» — Ան­տա­րես հրա­տարակ­չութիւ­ն, Ե­րեւան, 2021

«Վիլ­իամ Սա­րոյեանգրուածքնե­րու հա­ւաքա­ծոյ» — Նա­յիրի հրա­տարակ­չութիւն, Երե­ւան, 1991

«Վի­լիամ Սա­րոյեանԸն­տիր եր­կեր» — Նայիրի հրա­տարակ­չութիւն, Երե­ւան, 2008

«Վիլ­իամ Սա­րոյեանՊատմուածքներ, հար­ցազրոյցներ, էս­սէ­ներ, նա­մակ­ներ, յու­շեր» — Նյաիրի հրա­տարակ­չութիւն, Երե­ւան 2010

«Վիլ­իամ Սա­րոյեանՄարդկութեան տու­նը» — Երե­ւանի Պե­տական Հա­մալ­սա­րանի հրա­տարակ­չութիւն, Երե­ւան, 2008

«Վիլ­իամ Սա­րոյեանԲան մը ու­նեմ ասե­լուհինգ թա­տերա­խաղեր» — ՀԳՄ հրա­տարակ­չութիւն, Երե­ւան, 2012

«Վիլիյամ Սա­րոյեանՀայ­կա­կան եռագ­րութիւնՀա­յերը, Բիթ­լիս» — ՀԳՄ հրա­տարակ­չութիւն, Երե­ւան, 2008

«Վիլ­իամ Սա­րոյեանԸն­տիր եր­կերՊատմուածքներ, պիէս­ներ, վի­պակ­ներ» — Նայիրի հրա­տարակ­չութիւն, Երե­ւան, 2008

«Վիլիամ Սա­րոյեանՄա­տենա­գիտու­թիւն» — Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին գրա­դարա­նի հրա­տարա­կու­թիւն, Երե­ւան, 2008

«Հան­դի­պումներ Ուի­լիըմ Սա­րոյեանի հետ» — Խմբագ­րութեամբ Պօ­ղոս Սնա­պեանի, Հա­մազ­գա­յինի Վա­հէ Սէ­թեան հրա­տարակ­չա­տուն, Պէյ­րութ, 1979։