Ուխտագնացութիւն՝ դէպի Ախթամար

Քանի մը տա­րիէ ի վեր աւան­դա­կան դար­ձած Ախ­թա­մարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ուխտագ­նա­ցու­թիւնը տե­ղի ու­նե­ցած է այս տա­րի եւս, ըլլալով 13-րդը։ Ս. պա­տարա­գը մա­տու­ցուած է Կի­րակի, Սեպ­տեմբեր 7-ի առա­ւօտեան, նա­խագա­հու­թեամբ Թուրքիոյ Հա­յոց պատ­րիարք Սա­հակ Բ. արք. Մա­շալեանի։

Պատ­րիարք հայ­րը, այլ հո­գեւո­րական­նե­րու ըն­կե­րակ­ցութեամբ, նա­խորդ օր՝ Սեպ­տեմբեր 6-ին մեկ­նած է Ըղ­տըր, ուրկէ ալ նոյն օրը ուշ երե­կոյեան հա­սած է Վան։ Հոն անոնց միացած են յա­ջորդ օր ժա­մանած հո­գեւո­րական­ներն ու դպրաց դա­սի ան­դամնե­րը։

Կի­րակի, Սեպ­տեմբեր 7-ի առա­ւօտեան կա­նուխ ժա­մերուն, քա­հանայ հայ­րե­րու գլխա­ւորու­թեամբ՝ սար­կա­ւագ­ներ եւ դպիր­ներ մեկ­նած են Ախ­թա­մար կղզի կա­տարե­լու անհրա­ժեշտ քննու­թիւններն ու պատ­րաստու­թիւննե­րը, փո­խադ­րե­լու եկե­ղեցա­կան իրերն ու զգեստնե­րը: Զար­դա­րած են Ս. Սե­ղանը, մինչ «Ար­մաշ» դպրաց դա­սի ան­դամնե­րը փորձ կա­տարած են, ցնծու­թեան պա­հեր պար­գե­ւելով տե­ղացի եւ օտար զբօ­սաշրջիկ­նե­րուն։

Քիչ ետք, Պոլ­սէն եւ ար­տա­սահմա­նէն ուխտա­ւոր­նե­րու մեծ ու փոքր խումբեր սկսած են ժա­մանել Ախ­թա­մար, ներ­կայ գտնուելու հա­մար Ս. պա­տարա­գին: Ուխտագ­նա­ցու­թեան մաս­նակցած է, նա՛եւ պա­տարա­գած Մեծն Բրի­տանիոյ եւ Իռ­լանտա­յի թե­մի առաջ­նորդ Յո­վակիմ եպիսկ. Մա­նու­կեան։

Ժա­մը 9-ին, Պատ­րիարք հայրը, հո­գեւոր հայ­րերն ու սպա­սար­կողնե­րու խումբը եւս Վա­նէն ժա­մանած են Ախ­թա­մար կղզի: 

Սուրբ պա­տարա­գը

Ժա­մը 10.30-ին, կազ­մուած թա­փօրը Տա­ճարի մօ­տակայ կի­սաւեր մա­տու­ռէն Ս. Խաչ եր­բեմնի հայ­րա­պետա­նիստ տա­ճար առաջ­նորդած է պա­տարա­գիչ Յո­վակիմ եպիսկ. Մա­նու­կեան։

Տէ­րու­նա­կան աղօթ­քէն առաջ Պատ­րիարք հայ­րը քարոզած է, որպէս բնաբան ունենալով Յի­սուս Քրիս­տո­սի խա­չափայ­տն ու Ախ­թա­մարի Ս. Խաչ տա­ճարի շի­նու­թիւնը: 

Յա­ւարտ պա­տարա­գի կա­տարուած է կարգ ի հան­գիստ Հայ եկե­ղեց­ւոյ եւ ի մաս­նա­ւորի Ախ­թա­մարի եր­բեմնի Կա­թողի­կոսու­թեան հան­գուցեալ սպա­սաւոր­նե­րու հոգ­ւոյն։

Եկե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տարուած հան­դի­սու­թիւննե­րէն յե­տոյ, Պատ­րիարք հօր գլխա­ւորու­թեամբ հո­գեւո­րական­նե­րու թա­փօրը առաջ­նորդուած է բակ, ուր կա­տարուած է հան­դի­սաւոր ան­դաստան։ Ապա, Նո­րին Ամե­նապատ­ւութեան տուած օրհնու­թեամբ իրենց աւար­տին հա­սած են արա­րողու­թիւննե­րը։ 

Յա­ւարտ արա­րողու­թեանց, Պատ­րիարք հայ­րը, հո­գեւոր հայ­րե­րու եւ սպա­սար­կողնե­րու խումբը վե­րադար­ձած են Վան։