Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ուշադրութիւն շեղելու քարոզչամեքենան

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, Փառուխ գիւղի վրայ յարձակումին հետեւանքով՝ երեք մեռեալ եւ տասնչորս վիրաւոր, որոնք կու գան օր ըստ օրէ աւելնալու Նոյեմբեր 9-ի հրադադարի ստորագրումէն ետք հայկական կողմի զոհերու եւ վիրաւորներու շարքին։ Մինչեւ ե՞րբ եւ մինչեւ ո՞ւր այս ընթացքը պիտի շարունակուի։ 

Առաջին անգամ ըլլալով, Ռուսաստան յայտարարեց ազէրական ուժերուն՝ զինադադարը խախտելու պարագան։ Ինչո՞ւ ռուսական նման հակազդեցութիւն ա՛յս պահուն։

Հասարակ տեղիք է ըսել որ Ազէրիները կ՚օգտուին Ուքրաինայի մէջ ռուսական բանակի ձախողութիւններէն եւ կը փորձեն առաւելութիւններ ձեռք բերել Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ։ Բնական է որ Ազէրիները փորձեն առաւելութիւն ձեռք ձգել եւ ամէն առիթէ օգտուիլ։ Նախքան Ուքրաինայի արշաւը, Ազէրիները անդադար կը խախտէին հրադադարը ըլլա՛յ Հայաստանի սահմանին, ըլլա՛յ Արցախի եւ միշտ ալ ռուս սահմանապահերու ներկայութեան եւ անգործութեան շնորհիւ։ Իսկ Ռուսերը ո՛չ մէկ անգամ ազէրական բանակին՝ Հայաստանի սահման ներխուժման, Արցախի վրայ յարձակման կամ հրադադարի խախտումի մասին հակազդեցութիւն ցուցաբերեր էին։ Չէին դատապարտեր։ Ռուսական կողմին նման հակազդեցութիւնը թուլութեա՞ն նշան է, թէ՞ այլ պատգամ մը կը պարունակէ, որուն հաղորդումին անհրաժեշտութիւնը զգացած է ռուսական կողմը։ 

Առաջին անգամ չէ որ Հայերը կը յայտնուին ծուղակի մը մէջ, որուն դերակատարները Ազէրիներն են, Ռուսերու մեղսակցութեամբ։ Ինչպէ՞ս կարելի է, Փառուխի պարագային, պահաջել որ դէմ-յանդիման գտնուող երկու թշնամի զօրքերը հայելային ձեւով նահանջեն իրենց դիրքերէն, ռուսական խաղաղապահ զօրքերու հսկողութեամբ, եւ ճիշդ այն պահուն երբ հայկական ուժերը կը քաշուէին՝ թոյլ տալ որ ազէրական ուժերը յառաջանան եւ գրաւեն նոր, աւելի յառաջացեալ դիրքեր, միշտ ռուսական խաղաղապահ բանակի հսկողութեան տարածքին մէջ։

Եթէ անցեալին Ռուսաստանի կողմէ Հայաստանի կառավարութեան իշխող ուժին վրայ ազդեցութիւն բանեցնելու միջոց էր ազէրական յարձակումներու օգտագործումը եւ հրահրումը, Հայաստանի ինքնիշխանութենէն զիջում կորզելու, Սիւնիքի միջացնքի կառուցման համաձայնութիւնը ձեռք ձգելու,– պայմանով որ հսկողութիւնը յանձնուի ռուսական կողմին,– ներկայ պարագային ի՞նչն է որ կ՚արդարացնէ ազէրական կողմին ոտնձգութիւններուն եւ յառաջխաղացումին տեղի տալը։ 

Փութին Խրիմը վերագրաւեց առանց արիւն թափելու. միջազգային հասարակութիւնը բնականաբար հակազդեց, պատիժներ սահմանեց, սակայն Փետրուար 24-ի յարձակումին ծաւալն ու հետեւանքները բոլորովին այլ են, եւ դատապարտումը համատարած է։ Այս պայմաններուն մէջ, միջազգային յարաբերութիւններու առումով՝ Լեռնային Ղարաբաղը կը մնայ այն հազուագիւտ աշխարհաքաղաքական հարցերէն, որուն լուծման մէջ առացքային եւ անժխտելի դերակատար է Ռուսաստան, որ ԱՄՆ-ու եւ Ֆրանսայի կողքին Մինսքի խումբի համանախագահութիւնը կը վարէ։ Ռուսական դիւանագիտութեան համար այս դրամագլուխը ունի իր գինը՝ գէթ պահ մը, Ուքրաինայէն միջազգային հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը շեղելու, յայտարարելով որ՝ այլ վայրի մէջ պետական մեծ ոճիր կը գործուի։ Արցախի ժողովուրդը ցուրտ եղանակին առանց կազի, առանց ջեռուցման կը մնայ։ Ազէրական ուժերը ամէն վայրկեան կը սպառնան ներխուժել Արցախ, առանց ռուսական բանակի օգնութեան՝ Ազէրիները հաւաքական սպանդի, ցեղասպանութեան կ՚ենթարկեն Հայերը։ Մի՛ մոռնաք։

Հակառակ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան, որ կը յայտնէր թէ ազէրական ուժերը ետ քաշուած են Փառուխ գիւղի Քարագլուխի իրենց նախկին դիրքերը, ազէրական եւ հայկական կողմերը կը պնդէին հակառակը, որ ազէրպայճական զօրքերը կը մնան իրենց գրաւած նոր դիրքերուն վրայ։ Աւելի մտահոգիչ է Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի յայտարարութիւնը, ուր նշուած է թէ՝ Ազէրիները կը պատրաստուին նոր ոտնձգութիւններ կատարելու։ Վիճակը այն աստիճան մտահոգիչ է, որ նոյնիսկ Հայաստանի իշխանութիւնները իրենք իրենց թոյլ տուած են պահանջել, որ Ռուսաստան լուրջ քննութեան ենթարկէ ռուս խաղաղապահներու ազէրական յառաջխաղացումը կասեցնելու անկարողութիւնը։ Ի հարկէ, Ազէրպայճանի դէմ ոչ մէկ պատիժ պէտք է ակնկալել Արեւմուտքէն։

Ժ.Չ. ■