Դեկտեմբեր 1-ին, Ուրուկուայի Հայ դատի յանձնախումբի անդամները հանդիպում ունեցած են երկրի Նախագահ Լուիս Ալպերթօ Լագայէ Փօուի հետ։ Հանդիպման մասնակցած է նաեւ Առողջապահութեան փոխնախարար Խոսէ Լուիս Սաթճեան:
Հանդիպման ընթացքին Նախագահին հաղորդուած են Ազերպայճանի կողմէ Հայաստանի վրայ յարձակման հետեւանքներուն մասին տեղեկութիւններ։ Յանձնախումբի անդամները ներկայացուցած են նաեւ 2020-ին Հայաստանի ու Արցախի դէմ կատարուած թուրք-ազերպայճանական ռազմական յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը:
Հանրապետութեան Նախագահը իր կարգին վստահեցուցած է, թէ Հայաստանի եւ անոր ժողովուրդին հանդէպ Ուրուկուայի պատմական զօրակից դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ, յատկապէս այս դժուարին ժամանակներուն: