Մարտ 25-ին, Ուրուկուայի մէջ Հայաստանի դեսպանուհի Մարիամ Գէորգեան հանդիպում ունեցած է Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ Սեպասթիան Վալտոմիրի հետ, վերջինիս հետ քննարկելով երկկողմ յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր եւ միջխորհրդարանական կապերու ամրապնդման կարելիութիւնները:
Հայաստանի դեսպանուհին ներկայացուցած է նաեւ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթին վերջին զարգացումները:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։