Մարտ 15-ին, Փրակայի ֆիլմերու միջազգային փառատօնի «Իմանալու իրաւունք» (Right to know) անուանակարգին մէջ ցուցադրուած է Արցախի հակամարտութեան մասին պատմող ֆրանսահայ բեմադիր Ալեքսի Բազումեանի «Սեւ այգի» (Jardin Noir) ֆիլմը։
Բազումեան կը ներկայացնէ Արցախի Թալիշ գիւղի երեք սերունդներու պատմութիւնը։ Ֆիլմին մէջ պատկերուած են պատերազմի հետքերը, գիւղի բնակչութեան վերադարձն ու կեանքը, ինչպէս նաեւ 2020 թուականի պատերազմի ազդեցութիւնը, մարդոց կեանքի ու կորուստի ողբերգական իրականութիւնը։
Ժապաւէնը կը ցուցադրուէր նաեւ Մարտ 17-ին։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։