ՉԻՆԱՍՏԱՆ – Փաշինեանի եւ Ալիեւի հանդիպումը

Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովի շրջանակին մէջ, Հայաստանի վարչապետը տեսակցութիւն ունեցած է Ազերպայճանի նախագահին հետ եւս։

Կողմերը քննարկած են Հայաստան-Ազերպայճան խաղաղութեան օրակարգը՝ շեշտելով շինիչ երկխոսութեան, փոխադարձ վստահութեան եւ տարածաշրջանային կայունութեան անհրաժեշտութիւնը։

Անոնք համաձայն գտնուած են շարունակելու շփումները։