ՉԻՆԱՍՏԱՆ – Փաշինեանի եւ Փութինի հանդիպումը

Օգոստոս 31-ին, Չինաստանի մէջ տեղի ունեցած է նաեւ Հայաստանի վարչապետին եւ Ռուսաստանի նախագահին հանդիպումը։

Կողմերը քննարկած են Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն վերաբերող օրակարգային հարցեր, բարձր գնահատելով երկխօսութիւնը եւ բարձր մակարդակի շփումները։ Անոնք անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային վերջին զարգացումներուն։