Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Պահանջատիրական ջահերթ՝ Թիֆլիսի մէջ

«Վրաստանի Հայ Համայնք» հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, Ապրիլ 23-ին Թիֆլիսի Իսանի կայանի մօտէն ծայր առած է ջահերով երթը՝ դէպի Հաւլաբարի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ զետեղուած խաչքարը, որ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին

Երթին մասնակցած են հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, որոնք ծածանած են Հայաստանի ու Վրաստանի դրօշակները, պարզած են «Կը յիշենք ու կը պահանջենք» գրութեամբ պաստառներ: