Պայրամով. «Ազերպայճան կը սպասէ Հայաստանի սահմանադրական փոփոխութիւններուն՝ խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրելու համար» 

Օգոստոս 26-ին, Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամով՝ Ուաշինկթըն կատարած այցի արդիւնքներուն նուիրուած կառավարութեան յատուկ նիստին յայտարարած է, թէ Պաքու կ՚ակնկալէ, որ Երեւան կը փոխէ Հայաստանի սահմանադրութիւնը եւ ամբողջովին կը վերացնէ Ազերպայճանի նկատմամբ տարածքային պահանջները՝ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու համար։

Ասատով. «Հայաստան ընդունած է Ազերպայճանէն Նախիջեւան առանց խոչընդոտի ճանապարհի վերաբերեալ Ալիեւի պահանջը»

Նոյն նիստին, Ազերպայճանի վարչապետ Ալի Ասատով ալ յայտնած է, թէ Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած հռչակագիրը կ՚ապացուցէ, թէ Պաքուի տարիներէ ի վեր առաջադրած խաղաղութեան նախաձեռնութիւնը միջազգային լայն աջակցութիւն եւ պաշտօնական ճանաչում ստացած է։

“Հռչակագիրը ոչ միայն երկու երկիրներու միջեւ երկարատեւ հակամարտութեան վերջ տուող փաստաթուղթ մըն է, այլեւ ազերի ժողովուրդի պատմական արդարութեան համար պայքարի արգասիքը, մեր պետութեան քաղաքական ու դիւանագիտական ուժի եւ միջազգային հեղինակութեան արտայայտութիւնը”,– ըսած է Ասատով եւ աւելցուցած. “Հայաստան ընդունած է Ազերպայճանէն Նախիջեւան առանց խոչընդոտի ճանապարհի վերաբերեալ նախագահ Ալիեւի պահանջը”։