Այս տարի, Ազերպայճանի մէջ, հինգ տարի ետք, շատ աւելի մեծ շուքով ու ծաւալուն կերպով նշուած է 44-օրեայ պատերազմին յաղթանակը։ Յատուկ միջոցառումներ, «Յաղթանակի միասնութեան օր», ընդունելութիւններ, խրախճանքներ, ժողովներ, դասախօսութիւններ…։ Անկասկած, միջազգային քաղաքական շահերու պարտադրած խաղաղութեան «չարաշուք ու անիծեալ» հեռանկարն է պատճառը, մինչ պէտք է վառ պահել ատելութեան ու յարձակողականութեան կրակը։
Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամով այս առթիւ երկրին հանրային հեռատեսիլին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է նաեւ, որ 2023-ին, այժմ բռնագրաւուած Արցախի մէջ տեղակայուած Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրքերու հրամանատարութիւնը ազերպայճանական յարձակման մասին տեղեկացուած է անոր սկսելէն 10-15 վայրկեան առաջ։
Ազերպայճանցի նախարարը նշած է, որ «խաղաղապահները տեղեկացուած են վտանգին մասին եւ անոնց թելադրուած է տեղափոխուիլ աւելի անվտանգ վայրեր կամ զօրանոցներ»։
Ան պնդած է, թէ խաղաղապահները պատճառ չունէին չհետեւելու այդ զգուշացման, քանի որ «երեք տարուան ընթացքին անոնք բազմիցս զգուշացուած էին հայկական անօրինական զինեալ կազմաւորումներու գործողութիւններուն, տարածքներու ականապատման, ամրութիւններու կառուցման» մասին։ Ըստ Պայրամովի, խաղաղապահները կը պնդէին, թէ այդ հարցերը իրենց իրաւասութեան մէջ չեն մտներ եւ իրենց լիազօրագիրը չ՚ընդգրկեր զանոնք։
Բայց, ամէնէն հետաքրքրականը ազերի նախարարին տրամաբանութեան արգասիք հետեւութիւնն է ինչ կը վերաբերի այդ խաղաղապահ զօրքերու առաքելութեան աւարտին։
Այսպէս, Պայրամովի համաձայն՝ հայերը Արցախէն արտաքսելէն յետոյ, հարց յառաջացած է հոն խաղաղապահներու ներկայութեան նպատակայարմարութեան մասին։ “Որոշ ժամանակ ետք պարզուեցաւ, որ հայերը վերադառնալու մտադրութիւն չունին եւ խաղաղապահներուն պարզ դարձաւ, որ հոս մնալը անիմաստ է”,– յայտարարած է ան։
***
Իսկապէս զարմանալի է սա արցախահայութիւնը։ 2023 Սեպտեմբերի գեղեցիկ օր մը, առանց որեւէ պատճառի՝ խելքին փչեց, ճամպրուկը առաւ ու մեկնեցաւ իր դարաւոր պապենական հողերէն ու յետոյ ալ՝ նշոյլն իսկ չցուցաբերեց վերադառնալու մտադրութեան։ Նաեւ՝ եսասէ՛ր է։ Միթէ բնաւ չմտածե՞ց, որ չվերադառնալու պարագային անգործութեան պիտի մատնուի խե՜ղճ ռուս «խաղաղապահ»-ը, որուն աչքը ճամբաները մնաց։