Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Պայրամով լիրբ պատասխան մը տուած է Զախարովայի կոչին

Ազերպայճանական լրասփիւռներուն համաձայն՝ երկրի Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամով պատասխանած է Ռուսաստանի Արտաքին դիւանագիտութեան մամլոյ բանբեր Մարիա Զախարովայի՝ Բերձորի միջանցքը ապաշրջափակելու կոչին։

«Վերջին երկուքուկէս տարիներուն, ինչպէս նաեւ 30-ամեայ բռնագրաւման ընթացքին Ազերպայճանին՝ տասնեակ, հարիւրաւոր, նոյնիսկ հազարաւոր տարբեր կոչեր եղած են։ Ի հարկէ, անհրաժեշտ է լսել այդ կոչերը։ Կարեւոր է զանոնք վերլուծել։ Եւ մենք այդպէս կ՚ընենք, կ՚արձագանգենք։ Կ՚ենթադրեմ, որ ժամանակը ցոյց տուած է, որ զարգանալու եւ ճիշդ ուղղութեամբ հարցերը լուծելու համար ազերպայճանական կողմը համակարգային միջոցներու պէտք է ձեռնարկէ եւ այդպէս ալ կ՚ընէ։

Մեր պետութիւնը միջազգային իրաւունքի չափանիշերուն եւ սկզբունքներուն համաձայն՝ հարցերու լուծման իր տեսակէտը ունի։ Մենք քաղաքականութիւն կը վարենք ո՛չ թէ ղեկավարուելով այս կամ այն մարդոց կոչերով, այլ մեկնելով մեր ազգային շահերէն։ Համոզուած ենք, որ այդ քաղաքականութիւնը դրական արդիւնքներ կ՚ունենայ»,– ըսած է Պայրամով։

Այս պատասխանէն դատելով, կարելի է եզրակացնել, որ այլ ժողովուրդի, տուեալ պարագային Արցախի 120.000 Հայերու ցեղասպանութիւնը կը բխի Ազերպայճանի «ազգային շահերէն»։

Մէկ այլ կարեւոր եզրակացութիւն եւս․ Պաքու ի վերջոյ բացայայտօրէն կ՚ընդունի Արցախի շրջափակումը։