Պապը ժամանած է Թուրքիա

Պապը Անգարայի մէջ այցելած է Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի դամբարանը

Հռոմի Պապ Լե­ւոն ԺԴ. Նո­յեմ­բեր 27-ի կէ­սօրին ժա­մանած է Ան­գա­րա։ Թուրքիոյ մայ­րա­քաղա­քի օդա­կայա­նին մէջ Հռո­մի Կա­թողի­կէ եկե­ղեց­ւոյ հո­վուա­պետը դի­մաւո­րած են կա­ռավա­րու­թեան ան­դամնե­րը։

Սա Լե­ւոն ԺԴ.ի առա­ջին ար­տա­սահ­մա­նեան այ­ցե­լու­թիւնն է՝ Մա­յիսին Կա­թողի­կէ եկե­ղեց­ւոյ հո­վուա­պետ ընտրուելէն ետք։

Յա­ռաջի­կայ երեք օրե­րուն ան հան­դի­պումներ պի­տի ու­նե­նայ Թուրքիոյ ղե­կավար­նե­րուն, ինչպէս նաեւ երկրի տա­րած­քին գոր­ծող քրիս­տո­նէական եկե­ղեցի­ներու բարձրաս­տի­ճան հո­գեւո­րական­նե­րուն հետ։ Անոնց կար­գին պի­տի ըլ­լայ նաեւ Պոլ­սոյ Հա­յոց պատ­րիարք Սա­հակ արք. Մա­շալեանը, որ պի­տի մաս­նակցի Թուրքիոյ նա­խագա­հին կող­մէ ի պա­տիւ Պա­պին կազ­մա­կեր­պուելիք պաշ­տօ­նական ըն­դունե­լու­թեան։

Բայց յի­շեց­նենք, որ այս այ­­ցե­­­լու­­թեան բուն դրդա­պատ­ճա­ռը Նի­­կիոյ ժո­­ղովին 1700-ամ­եակն է։ Պա­­պը ուխտա­գ­­նա­­­ցու­­թիւն մը պի­­տի կա­­տա­­րէ դէ­­պի Իզ­­նիք (պատ­­մա­­­կան Նի­­կիա), ուր նա­­խատե­­սուած է անոր հան­­դի­­­պու­­մը Կոս­­տանդնու­­պոլսոյ Տիեզե­­րական պատ­­րիարք Բար­­թու­ղի­­մէոս Ա.-ի հետ, ինչպէս նաեւ՝ միաս­­նա­­­կան պատ­­գամի մը հրապարակումը։

Նո­յեմ­­բեր 30-ին՝ Սուրբ Անդրէաս առա­­քեալի տօ­­նին, Պա­պը պի­տի այ­ցե­լէ Պոլ­­սոյ Հա­­յոց պատ­­րիար­­քութեան՝ Սուրբ Աս­­տուածա­­ծին պատ­­րիար­­քա­­­կան տա­­ճարը։

Թուրքիայէն ետք, Լեւոն ԺԴ. պի­­տի անցնի Լի­­բանան, ուր պի­­տի մնայ Նո­­յեմ­­բեր 30-էն մին­­չեւ Դեկ­­տեմբեր 2։ ■