Լա Հէյի Պատժական միջազգային ատեանը Մարտ 17-ին Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը ձերբակալելու հրահանգ արձակած է։
Փութին եւ մանկանց իրաւունքներու անոր յանձնակատար Մարիա Լվովա-Պելովա կը մեղադրուին ուքրաինացի երախաներու տարագրման մէջ իրենց ենթադրեալ պատասխանատւութեան համար։ Ուքրաինա հաստատած է Ռուսաստան բռնի կերպով փոխադրուած 16 221 երախայի ինքնութիւնը. բայց կ՚ըսուի, որ տասնեակհազարաւոր այլ երախաներ եւս տարագրուած են Ղրիմ եւ Ռուսաստանի առնուազն 57 շրջաններ:
Ձերբակալման այս հրամանը կը նշանակէ, որ Ռուսաստանի նախագահին ձերբակալման վտանգ կը սպառնայ 123 երկիրներու մէջ։ Այսպէսով, ան կը միանայ Մուամար Քատաֆիին, Լոռան Կպակպոյին եւ Օմար էլ-Պեշիրին, յաջորդաբար՝ Լիպիոյ, Գոթ տ՚Իվուարի եւ Սուտանի նախկին նախագահներ, որոնց դէմ նման հրահանգ արձակուած էր:
Նախապէս ՄԱԿ-ի հետաքննական յանձնաժողովը յայտարարած էր, որ ուքրաինացի երախաներու Ռուսաստան փոխադրութիւնը կրնայ ռազմական յանցագործութիւն համարուիլ։
Յայտնենք, թէ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Մարիա Զախարովա արձագանգելով Ատեանի որոշումին, յայտարարած է, թէ ան որեւէ նշանակութիւն չունի Ռուսաստանի համար։