Պաքուի դատարանը Ռուբէն Վարդանեանին նոր փաստաբան նշանակած է

Արցախի նախկին Պետական նախարարը կը շարունակէ մնալ ապօրինի կալանքի տակ։ Ան նախապէս հրաժարած էր իր փաստաբանէն՝ դատավարութեան ընթացքը «բացայայտ կեղծիք» որակելով

Պաքուի մէջ կը շարունակուի Արցախի նախկին Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի դէմ շինծու դատավարութիւնը։ Վարդանեան կը շարունակէ ապօրինի կերպով պահուիլ Պաքուի բանտին մէջ։

Հոկտեմբեր 28-ին Պաքուի ռազմական դատարանին մէջ կայացած նիստին, դատաւոր Զեյնալ Աղաեւ յայտարարած է, որ նախորդ նիստին Վարդանեան հրաժարած էր իր փաստաբան Ապրահամ Պերմանի ծառայութիւններէն՝ դատավարութեան ընթացքէն դժգոհ ըլլալուն պատճառով։ Վարդանեան նաեւ յայտնած էր դատարանին, որ այլ փաստաբանի հետ պայմանագիր չունի եւ պետութիւնը կրնայ իր հաշուոյն փաստաբան նշանակել։

Հոկտեմբեր 28-ի նիստին, դատաւորը յայտնած է, որ Ռուբէն Վարդանեանի նոր պաշտպանը Ազերպայճանի փաստաբանական կաճառի անդամ Էմիլ Պապիշովն է։ Կը նշուի, թէ Վարդանեան չէ առարկած նոր փաստաբանին նշանակման։ Յաջորդ դատական նիստը նախատեսուած է նոյեմբեր 4-ին։

Նախապէս, Ռուբէն Վարդանեան իր ընտանիքին միջոցով բացատրած էր իր փաստաբանէն հրաժարելու պատճառները՝ դատավարութիւնը որակելով «բացայայտ կեղծիք» եւ «անհեթեթութեան թատրոն»։ Ան նշած էր, որ.

  1. Իրեն թոյլ չեն տար գործի նիւթերուն (422 հատոր) եւ մեղադրական եզրակացութեան ծանօթանալ։
  2. Դատարանին մէջ պաշտպանուելու կարելիութիւն չէ տրուած (փաստաթուղթերու փոխանակումը փաստաբանին հետ սահմանափակուած է, հասանելիութիւն չկայ իր մեղքին իբր ապացոյց ներկայացուած ձայնային եւ տեսանիւթերուն)։
  3. Իր բոլոր միջնորդութիւնները անտեսուած են։
  4. Դատարանը մերժած է հրաւիրել պաշտպանութեան կողմէ առաջարկուած վկաները։

Ինծի պէտք չէ պաշտպանութեան պատրանք. ես կը պահանջեմ իմ դատական իրաւունքներուս իրակա՛ն պաշտպանութիւնը”,– ըսած էր Վարդանեան։

Յիշեցնենք, որ Ռուբէն Վարդանեանի դէմ քրէական գործը անջատուած է Ազերպայճանի մէջ շինծու մեղադրանքներով ապօրինաբար բանտարկուած Արցախի բազմաթիւ նախկին ղեկավարներու գործէն։